Արցախի նախկին ղեկավարներ Արցախի նախկին ղեկավարներ 

Պաքու երկարաձգեց Արցախի նախկին ղեկավարներու բանտարկութեան ժամկէտը

Մեղադրող կողմը նախապէս այս գծով միջնորդութիւններ ներկայացուցած էր:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները 25 Յունուարին հաղորդեցին, որ Պաքուի դատարանը 4 ամիսով երկարաձգեց Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի, պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանի, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի եւ զօրավարներ Լեւոն Մնացականեանի ու Դաւիթ Մանուկեանի բանտառկութեան ժամկէտը: Մեղադրող կողմը նախապէս այս գծով միջնորդութիւններ ներկայացուցած էր: 

Պաքու վերոյիշեալ անձնաւորութիւններուն նկատմամբ կ՛ուղղէ ծանր մեղադրանքներ։ 

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2024, 08:21