Արցախէն տեղահանուածներ Արցախէն տեղահանուածներ  (ANSA)

Արցախէն տեղահանուածներուն պէտք է ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի կարելիութիւն տրուի. Եւրոպայի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար

Միյատովիչի դիտարկումներուն մէջ արծարծուած մարդու իրաւունքներու այլ հարցերը կը ներառեն մարդիկ ականներէ պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը, բանտարկուած անձերուն վիճակը, ներառեալ անոնց կալանքի պայմանները եւ իրենց ընտանիքներուն հետ կապ հաստատելու մակարդակը, տարածաշրջանին մէջ անյայտ կորսուած անձերու ճակատագիրներուն յստակացումը եւ անոնց ընտանիքներուն պատասխաններ տալու կարեւորութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Եւրոպական խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյատովիչ, իր դիտարկումները հրապարակելով`16էն 23 Հոկտեմբեր 2023ին Հայաստան եւ Ատրպէյճան, ներառեալ Արցախ կատարած իր այցելութիւններէն ետք, յայտարարութեան մը միջոցաւ յայտնեց, որ Արցախէն տեղահանուածներուն պէտք է կարելիութիւն տրուի ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի:

«Մինչ հնարաւոր վերադարձը, պէտք է անյապաղ ուղիներ գտնել, որոնց կարգին՝ ապահովական երաշխիքներ հաստատելով, որպէսզի ղարաբաղցի հայերը ժամանակաւորապէս մուտք գործեն իրենց տուները կամ սովորական բնակութեան վայրերը եւ այցելեն գերեզմաններ, ուր թաղուած են իրենց հարազատները: Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է՝ ապահովել, որ ղարաբաղցի հայերուն ձգած ունեցուածքը պաշտպանուած ըլլայ գողութենէն կամ տիրանալէն: Այն սակաւաթիւ բնիկ հայերը, որոնք մնացած են Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ, նոյնպէս պէտք է օգտուին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութենէն, նաեւ՝ ապահովելով անոնց ազատ տեղաշարժը», յայտարարեց Միյատովիչ:

Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ բոլոր տեղահանուածները, որոնք կ՛ուզեն վերադառնալ՝ կարենան կարելի եղածին չափ արագ վերադառնալ:

«Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրները պէտք է կեդրոնանան ֆինանսական աջակցութեան վրայ` ապահովելու համար, որ տեղահանուած անձերը եւ զանոնք ընդունող բնակչութեան մարդասիրական կարիքները բոլորովին բաւարարուին։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է իրենց խաղաղ բանակցութիւններուն ընթացքին կեդրոնանան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ եւ հաստատեն մարդու իրաւունքներու ուժեղ երաշխիքներ՝ հակամարտութենէն տուժած բոլոր անձերուն համար», ըսաւ Միյատովիչ՝ աւելցնելով.

«Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտման եւ հակամարտութեան գծով մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներու մասին բոլոր մեղադրանքները պէտք է արդիւնաւէտ եւ անյապաղ հետաքննուին, յանցաւորները պատասխանատուութեան ենթարկուին եւ արդար, անկախ ու անաչառ դատավարութեններէ ետք յանցաւոր ճանչցուին, դատապարտուին եւ պատժուին»:

Միյատովիչի դիտարկումներուն մէջ արծարծուած մարդու իրաւունքներու այլ հարցերը կը ներառեն մարդիկ ականներէ պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը, բանտարկուած անձերուն վիճակը, ներառեալ անոնց կալանքի պայմանները եւ իրենց ընտանիքներուն հետ կապ հաստատելու մակարդակը, տարածաշրջանին մէջ անյայտ կորսուած անձերու ճակատագիրներուն յստակացումը եւ անոնց ընտանիքներուն պատասխաններ տալու կարեւորութիւնը:

Միյատովիչ երկու երկիրներու իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ՝ պայքարելու ատելութեան խօսքին դէմ եւ խթանելու փոխըմբռնումն ու վստահութիւնը:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2024, 08:45