Սփիւռքի յանձնակատարներու հիմնարկը պիտի ընդարձակուի. Պիտի կատարուին նոր նշանակումներ
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Հայաստանի Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան յայտնեց, որ այս տարի նկատելի աշխատանք պիտի կատարուի Սփիւռքի յանձնակատարներու հիմնարկի ձեւաւորման ուղղութեամբ՝ աւելցնելով, որ արդէն սկսած են նշանակումները տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ, ուր կայ ձեւաւորուած հայ համայնք։
«Վերջին երկու տարիների ընթացքում հիմնականում բացատրական աշխատանքներ ենք տարել համայնքներում` պարզաբանելու, թէ ինչ է իրենից ներկայացնում յանձնակատարների ինստիտուտը (հիմնարկութիւնը): 2023 թուականից սկսեցինք յանձնակատարի նշանակումները` առաջինը ՀՀ վարչապետի կողմից նշանակուեց Լեհաստանում: Այժմ դիտարկում ենք մի քանի թեկնածուներ, առաջիկայում կը լինեն նշանակումներ: Ունենք նաեւ մեծ ցուցակ, որը եւս դիտարկւում է: Ցուցակում ընդգրկուած անձանց հետ եւս աշխատանք է տարուելու, եւ երբ պահը հասունանայ` դիմելու ենք վարչապետին` նշանակման համար», յայտնեց Սինանեան։
Սփիւռքի գործերու յանձնակատարներու հիմնարկին միջոցով պիտի ընդարձակուին Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին ցանցային կարողութիւնները: Յանձնակատարներու գործառոյթը, ըստ Սինանեանի, շատ պարզ է: Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը ունի սահմանափակ աշխատակազմ, իսկ Սփիւռքը շատ մեծ է: Հետեւաբար` տեղւոյն վրայ պէտք է ըլլան մարդիկ, որոնք կապող օղակ պիտի ըլլան համայնքներուն եւ Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակին միջեւ:
«Նախկինում ունեցել ենք մի պրակտիկա (կիրառութիւն), երբ մեր դիւանագէտները եղել են համայնքային կոնտակտային (հաղորդակցութեան) անձինք: Արդիւնքում`ստեղծուել է իրավիճակ, երբ նրանք դիւանագիտութեամբ չեն զբաղուել, այլ դարձել են համայնքային կցորդներ: Մենք ուզում ենք խուսափել այդ ամէնից եւ ձեւաւորում ենք յանձնակատարների ինստիտուտը: Մենք Երեւանից որեւէ մէկին չենք ուղարկում համայնքներ, յանձնակատարին ընտրում ենք տեղում: Նրանք լինելու են համայնքին յայտնի, համայնքի կրիտիկական (կարեւոր) հատուածի համար ընդունելի անձինք, որոնք կը լինեն կապող օղակ համայնքների ու Սփիւռքի յանձնակատարի միջեւ», յայտնեց Սինանեան։
Ընդհանուր յանձնակատարներուն թիւը կախեալ պիտի ըլլայ տուեալ վայրերուն մէջ հայերու թիւէն եւ ժողովրդագրական խտութենէն: Կարգ մը երկիրներու մէջ պիտի ըլլան մեծ թիւով յանձնակատարներ, այլ վայրերու մէջ` քիչ, որովհետեւ փոքր եւ կեդրոնացեալ համայնքներուն մէջ մեծաթիւ յանձնակատարներու կարիք չկայ, իսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր քաղաքէ քաղաք կան հայ համայնքներ, բնական է, որ քանի մը յանձնակատարներ նշանակուին:
Սինանեան տեղեկացուց, որ յառաջիկային նշանակումներ կ՛ակնկալուի արեւմտեան Եւրոպայի քանի մը երկիրներու մէջ։
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ