Ֆրանսայի ծերակոյտի պալատը Ֆրանսայի ծերակոյտի պալատը 

Ֆրանսայի ծերակոյտը հաստատեց Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանող բանաձեւը

Բանաձեւին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Հայաստանն իրաւունք ունի պաշտպանելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ունենալու միջոցներ՝ երաշխաւորելու իր ապահովութիւնը, ներառեալ՝ ռազմական միջոցներով։

17 Յունուարին, Ֆրանսայի Ծերակոյտը քննարկեց 1 Դեկտեմբեր 2023ին առաջարկուած միջկուսակցական բանաձեւը, որ կը դատապարտէ Արցախի վրայ անցեալ տարուան 19էն 20 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ոտնահարումը եւ այդ գծով հետագայ փորձերը։

Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ՝ պատիժներ կիրարկելուԱտրպէյճանի դէմ եւ կը պահանջէ երաշխաւորել հայ բնակչութեան՝ Արցախ վերադառնալու իրաւունքը, ապահով պայմաններու մէջ։ Հոն նաեւ կոչ կ՛ըլլայ Պաքուին, որ իր զօրքերը անյապաղ դուրս բերէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։

Քննարկումէն ետք, բանաձեւը վաւերացուեցաւ 336 կողմ եւ 1 դէմ ձայներով։

Բանաձեւին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Հայաստանն իրաւունք ունի պաշտպանելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ունենալու միջոցներ՝ երաշխաւորելու իր ապահովութիւնը, ներառեալ՝ ռազմական միջոցներով։ Հոն նաեւ կը դատապարտուի Արցախի ղեկավարներու կամայական ձերբակալութիւնները եւ կարեւոր կը նկատուի ԵՈՒՆԵՍՔՕի մէջ մասնագէտներու միջազգային խումբի մը կազմութիւնը եւ գործուղումը Արցախ՝ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան վիճակին վերաբերեալ զեկոյց պատրաստելու համար։

Նիստին պատուոյ հիւրի կարգավիճակով ներկայ էին Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2024, 08:18