Կազայի մէջ. Պատերազմը դեռ պիտի շարունակուի
Իսրայէլը նախազգուշացուցած է, որ պատերազմը Կազայի մէջ պիտի շարունակուի 2024 թուականին: Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի խօսնակ Տանիէլ Հակարին ամանորեայ ուղերձին մէջ ըսած է, որ իսրայէլեան զօրքերը կը պատրաստուին շարունակելու մարտերը 2024 թուականին:
«Իսրայէլեան բանակը պէտք է նախօրօք ծրագրէ գործողութիւնները` հասկնալով, որ պիտի ըլլան լրացուցիչ առաքելութիւններ, եւ մարտերը պիտի շարունակուին տարուան մնացած ժամանակահատուածին», -ըսած է ան ըստ BBC-ի:
Յայտարարութիւնը հնչած է այն բանէն ետք, երբ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը հրթիռներ արձակած է Իսրայէլի վրայ Նոր տարուան գիշերը՝ ճիշդ կեսգիշերին: Օդային տագնապի ազդանշանները հնչած են ամբողջ Իսրայէլի մէջ:
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ