ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կութիերես ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կութիերես 

Պաղեստինցի ժողովուրդին պետութիւն ունենալու ընտրանքը պէտք է յարգուի բոլորին կողմէ. ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար

«Իսրայէլցիներու եւ պաղեստինցիներու համար երկու պետութիւն ստեղծելու որոշումն ընդունելէ հրաժարիլը, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի ժողովուրդի պետականութեան իրաւունքի ժխտումը անընդունելի են»,- գրած է Կութերեշը X-ի իր էջին:

Երկու պետութիւններու՝ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի ստեղծման մասին որոշումէն, ինչպէս նաեւ պաղեստինցիներու՝ պետականութիւն ունենալու իրաւունքը ճանչնալէն հրաժարիլը անընդունելի են, յայտարարած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը:

Աւելի վաղ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն անուղղակիօրէն ակնարկած էր, որ իր կառավարման օրօք պաղեստինեան պետութիւն չի կրնար ստեղծուիլ, քանի որ ներկայիս պայմաններուն մէջ Իսրայէլը մտադիր է ապահովել իր անվտանգութիւնը միայն պաղեստինեան տարածքներու մէջ վերահսկողութեան պահպանման պարագային:

«Իսրայէլցիներու եւ պաղեստինցիներու համար երկու պետութիւն ստեղծելու որոշումն ընդունելէ հրաժարիլը, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի ժողովուրդի պետականութեան իրաւունքի ժխտումը անընդունելի են»,- գրած է Կութերեշը X-ի իր էջին:

Անոր խօսքով՝ Պաղեստինի ժողովուրդի՝ սեփական պետութիւն կառուցելու իրաւունքը պէտք է ճանչցուի բոլորի կողմէ:

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2024, 11:07