Պոլսոյ մէջ Ս. պատարագի ընթացքին յարձակում` եկեղեցիի մը վրայ
Երէկ Ս. պատարագի ընթացքին Պոլսոյ կաթողիկէ Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ վրայ տեղի ունեցաւ զինեալ յարձակում մը` պատճառելով զոհ մը եւ վիրաւորներ:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Եիրլիքայա յայտնեց. «Յարձակումին հեղինակները ձերբակալելու ջանքերը ընթացք առին»:
Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Եըլմազ Թունճ յայտարարեց. «Ընդհանուր դատախազի գրասենեակը Պոլսոյ մէջ իտալական եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակումին շուրջ հետաքննութեան սկսաւ»:
Թրքական «Ա հապեր» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դատապարտած է յարձակումը կաթողիկէ եկեղեցւոյ վրայ, ուր դիմակաւորուած զինեալներ կրակ բացած եւ սպաննած են տղամարդ մը:
Էրտողան վստահեցուցած է, որ յարձակումը կատարած անձերը 24 ժամուան ընթացքին պիտի ձերբակալուին:
«Ես ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ հասարակութեան: Կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քայլեր յանցագործները բռնելու համար: Յոյսով ենք, որ 24 ժամուան ընթացքին մենք պիտի գտնենք եւ ձերբակալենք յարձակումին հեղինակները», ըսած է Էրտողան:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ