RUSSIA-POLITICS-DIPLOMACY

9 Նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ «Զանգեզուրի Միջանցք»ին մասին խօսք չկայ. Լաւրով

Ան վերահաստատեց նաեւ հայկական կողմին դիրքորոշումը, թէ՝ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ճամբան պէտք է ըլլայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան տակ, նոյն ժամանակ ան պնդեց, թէ այդ ճամբուն ապահովութեան ռուս սահմանապահները պէտք է վերահսկեն, բան մը, որուն կ՛ընդդիմանայ պաշտօնական Երեւան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով ամբողջութեամբ հերքելով արդէն երեք տարիներէ ի վեր Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները՝ հաստատեց, որ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին խօսք չկայ:

Ան վերահաստատեց նաեւ հայկական կողմին դիրքորոշումը, թէ՝ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ճամբան պէտք է ըլլայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան տակ, նոյն ժամանակ ան պնդեց, թէ այդ ճամբուն ապահովութեան ռուս սահմանապահները պէտք է վերահսկեն, բան մը, որուն կ՛ընդդիմանայ պաշտօնական Երեւան:

«Վարչապետ Փաշինեան տեղ մը ըսած է, թէ Հայաստան կտրականապէս դէմ է «Զանգեզուրի միջանցք»ին: Փութինի, Ալիեւի եւ Փաշինեանի կողմէ ձեռք բերուած համաձայնագիրներու ծիրին մէջ, «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին խօսք չկայ: Եռակողմ յայտարարութեան մէջ, որ ստորագրուած էր 9 Նոյեմբեր 2020ին, եւ որ կասեցուց պատերազմը, կ՛ըսուի, որ կը բացուին բոլոր տնտեսական եւ երթեւեկային կապերը, եւ որ Հայաստան կ՛երաշխաւորէ երթեւեկի հաղորդակցութեան ապահովութիւնը արեւմտեան Ատրպէյճանի եւ Նախջեւանի միջեւ երկու ուղղութիւններով, այդ երթեւեկի հաղորդակցութեան կը վերահսկեն Ռուսիոյ ապահովութեան ծառայութեան սահմանապահները: Ասիկա, փաստօրէն, մէջբերում է այն եռակողմ յայտարարութենէն, որ էր ստորագրուած 9 Նոյեմբեր 2020ին», յայտնեց Լաւրով: 

Իլհամ Ալիեւ նախապէս տարբեր առիթներու պնդած է, որ վերոյիշեալ համաձայնագիրին մէջ նշուած է «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին: 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քանի մը անգամ, վերջինը՝ նախորդ շաբաթ, յայտարարեց, թէ համաձայնագիրին մէջ նման բան չէ գրուած՝ աւելցնելով «Ոչ մի տեղ գրած չի, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ տարածքում կոմունիկացիայի (հաղորդակցութեան) անվտանգութիւն պէտք է ապահովի»:

Լաւրով, մինչդեռ, պնդեց, թէ պատերազմէն ետք, Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ առաջնորդները եռակողմ հանդիպումներուն քննարկեցին եւ նոյնիսկ համաձայնեցան հաղորդակցութեան ուղիներու բացման չափորոշիչներուն:

«Անոր չափորոշիչները նշուած են եռակողմ համաձայնագիրին մէջ: Ճամբան կ՛անցնի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքով՝ ռուսական սահմանապահներու վերահսկողութեան տակ: Ինչպէս նաեւ համաձայնեցուած էին բոլոր մաքսային եւ սահմանային վերահսկման ընթացակարգերը», դիտել տուաւ Լաւրով:

Աւելի կանուխ թէ՛ Փութին եւ թէ Ալիեւ նոյնպէս պնդած էին, թէ եղած է պայմանաւորուածութիւն, որ ռուս սահմանապահները պէտք է վերահսկեն Նախիջեւանը Ատրպէյճանի հիմնական հատուածին կապող ճամբուն: Սակայն, Երեւան չ՛ընդունիր ասիկա, եւ յայտնի չէ, թէ ապաշրջափակուող ճամբուն վերաբերող ի՛նչ չափորոշիչներ կան այսօր օրակարգի վրայ:

Ըստ Լաւրովի՝ կողմերուն միջեւ պայմանաւորուածութիւն գոյացած է, որ սկիզբը բացուի երկաթուղին, ինչ որ, ըստ ռուսական կողմին, քննարկուեցաւ նաեւ Փութինի՝ Հայաստան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին: Լաւրով դիտել տուաւ, թէ այդ պայմանաւորուածութիւններու գործադրութիւնը, հաւանաբար խանգարեց Արեւմուտքը, որ, ըստ անոր, կ՛ուզէ Ռուսիան դուրս մղել Հարաւային Կովկասէն:

Պաշտօնական Երեւան բազմիցս հակադարձած էր՝ յայտնելով, թէ ինքնին Ռուսիա դրժեց եւ կը դրժէ իր պարտաւորութիւնները եւ յիշեցուց, որ ռուս խաղաղապահներուն աչքին առջեւ Ատրպէյճան նախորդ Սեպտեմբերին յարձակեցաւ ու հայաթափ ըրաւ Արցախը: Արձագանգելով այդ քննադատութիւններուն՝ Լաւրոն դարձեալ պնդեց, որ տեղւոյն վրայ իրավիճակ փոխուած է, այդ ալ՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն կամքով:

«2020ին ու անկէ ետք ստորագրուած փաստաթուղթերուն մէջ Ղարաբաղի տարածքը կը բնութագրուի իբրեւ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան գետին, երեք երկիրներուն առաջնորդներուն միջեւ եղած է ըմբռնում, որ կարգավիճակի հարցին մէջ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին, որպէսզի այդ հարցը վերջնականապէս յստակացուի: Եւ մեր զարմանքը մեծ էր, երբ Փրակի մէջ հաստատեցին փաստաթուղթը, ուր կ՛ըսուի, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը՝ Ալմա Աթայի հռչակագիրին համաձայն», ըսաւ Լաւրով:

Փաշինեան ամիսներ առաջ հակադարձած էր՝ Ալմա Աթայի հռչակագիրին յղում կատարելով, եւ ըսած, որ «իր նպատակը ոչ միայն Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնն էր, այլեւ՝ Հայաստանի»:

Արեւմուտքի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած այդ պայմանաւորուածութիւններէն ետք, սակայն, Ալիեւ հիմա կը մերժէ բանակցիլ Հայաստանի հետ՝ Պրիւքսէլի կամ Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ: Լաւրովի 18 Յունուարի յայտարարութիւններէն դատելով՝ յայտնի կը դառնայ, որ Պաքու պատրաստ է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու Ռուսիոյ տարածքին մէջ: Արդեօք ասիկա նոյն փաստաթո՞ւղթն է, որուն շուրջ կողմերը վերջին ամիսներուն կը բանակցէին Արեւմուտքի մէջ, կամ եթէ Պաքու կը պահանջէ դէմ առ դէմ հանդիպումներ, ինչո՞ւ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը Մոսկուա կը տանի՝ Լաւրով չյստակացուց, փոխարէնը ան ընդգծեց, որ իրենք չեն գիտեր, որ արդեօք հայկական կողմն ալ պատրա՞ստ է Մոսկուա երթալու: Ըստ Լաւրովի՝ իրենք առաջարկ ներկայացուցած են, սակայն տակաւին պատասխան չեն ստացած: 

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2024, 08:04