Որոնել

Երուսաղեմի հայկական եկեղեցին Երուսաղեմի հայկական եկեղեցին 

«Լեմքին» Հիմնարկը դատապարտեց Արեւելեան Երուսաղէմի հայկական թաղամասին վրայ յարձակումը

Հիմնարկը ընդգծեց, որ այսպիսի իրադարձութիւններ պատճառ կը դառնան զանգուածային վայրագութիւններու եւ ցեղասպանութեան նպաստող միջավայրի ստեղծման, եւ այսպիսի նախազգուշացումները կարեւոր են հայերուն դէմ հետագայ լարուածութիւնը կանխելու համար
Ունկնդրէ լուրը

«Լեմքին» Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ խստօրէն դատապարտեց իսրայէլա-աւստրալիացի գործարար Տենի Ռուպենշթէյնի հետ կապ ունեցող զինեալ խմբաւորումներու վերջին արձակումը Արեւելեան Երուսաղէմի հայկական թաղամասին վրայ:

«Մենք կը կրկնենք մեր նախորդ յայտարարութեան կոչը` պաշտպանելու հայկական թաղամասի մշակութային ժառանգութիւնը եւ յարգելու կամքը անոր բնակիչներուն, որոնք կը շարունակեն դիմադրել իրենց հողերու բռնի իւրացման դէմ», կ՛ըսուի հիմնարկի յայտարարութեան մէջ:

Հիմնարկը ընդգծեց, որ այսպիսի իրադարձութիւններ պատճառ կը դառնան զանգուածային վայրագութիւններու եւ ցեղասպանութեան նպաստող միջավայրի ստեղծման, եւ այսպիսի նախազգուշացումները կարեւոր են հայերուն դէմ հետագայ լարուածութիւնը կանխելու համար:

«Մենք բոլորովին կ՛աջակցինք սաղիմահայութեան դիմադրութեան եւ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք՝ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով ապահովելու հայկական թաղամասին եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մնացած մասի նապահովութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը», կ՛ըսուի հիմնարկի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2024, 10:34