«Լեմքին» Հիմնարկը դատապարտեց Արեւելեան Երուսաղէմի հայկական թաղամասին վրայ յարձակումը
«Լեմքին» Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ խստօրէն դատապարտեց իսրայէլա-աւստրալիացի գործարար Տենի Ռուպենշթէյնի հետ կապ ունեցող զինեալ խմբաւորումներու վերջին արձակումը Արեւելեան Երուսաղէմի հայկական թաղամասին վրայ:
«Մենք կը կրկնենք մեր նախորդ յայտարարութեան կոչը` պաշտպանելու հայկական թաղամասի մշակութային ժառանգութիւնը եւ յարգելու կամքը անոր բնակիչներուն, որոնք կը շարունակեն դիմադրել իրենց հողերու բռնի իւրացման դէմ», կ՛ըսուի հիմնարկի յայտարարութեան մէջ:
Հիմնարկը ընդգծեց, որ այսպիսի իրադարձութիւններ պատճառ կը դառնան զանգուածային վայրագութիւններու եւ ցեղասպանութեան նպաստող միջավայրի ստեղծման, եւ այսպիսի նախազգուշացումները կարեւոր են հայերուն դէմ հետագայ լարուածութիւնը կանխելու համար:
«Մենք բոլորովին կ՛աջակցինք սաղիմահայութեան դիմադրութեան եւ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք՝ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով ապահովելու հայկական թաղամասին եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մնացած մասի նապահովութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը», կ՛ըսուի հիմնարկի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ