2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (13)` պատրաստեց Սագօ Արեանը

Այս հաղորդումով ընդհանուր ակնարկ մը կը նետենք այն ողջ սերունդին վրայ, որոնք նպաստեցինք այդ գործընթացներուն ու կոչուեցան ՝ Զարթօնքի սերունդ։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յարգելի ունկնդիրներ, անցնող հաղորդումներով Ձեր ուշադրութեան յանձնած էինք այն կարեւոր հանգամանքները, որոնք բոլորն անխտիր ծառայեցին եւ օգնեցին մեր գրականութեան Զարթօնքի շրջանի գոյաւորման։ Մեծագոյն խթանը անշուշտ միայն այդ հանգամանքները, գործօնները եւ ազդակները չէին, այլ առաւելապէս մարդ անհատն էր, որ կանգնած էր այդ բոլորի ետին։

 Ու այս հաղորդումով ընդհանուր ակնարկ մը կը նետենք այն ողջ սերունդին վրայ, որոնք նպաստեցին այդ գործընթացներուն ու կոչուեցան ՝ Զարթօնքի սերունդ։

 Բարի ունկնդրութիւն՝

 Հետեւաբար Զարթօնքի սերունդ կը կոչուի 1850-1885 երկարաձգուող գրողներու սերունդը, որովհետեւ այս տարիները կը կազմեն ազգասիրական ապրումներու եւ գաղափարական ընդհանուր հետաքրքրութիւններու շրջան։ Տեսակ մը ազգային վերածնունդի շրջան, որու ընթացքին տիրապետող ապրումը ամէն կողմ հայկական անցեալի, երազներու եւ ազգասիրութեան ապրումն է։ Բնականաբար գրողներն ալ կ'արտայայտեն այս տրամադրութիւնները։

Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ կը տիրէր մեծ խանդավառութիւն, որովհետեւ դպրոցներու ցանցը ստեղծած էր խանդավառ ուսանողութիւն մը։ Փարիզէն եւ եւրոպական այլ քաղաքներէ վերադարձող համալսարանական հայ երիտասարդներ իրենց հետ բերած էին ընկերային նոր կարգախօսներ, դաստիարակչական նոր համոզումներ։ Այս բոլորը հայ կեանքը յուզած էր եւ ընդհանուր շարժում մը կար մեր կեանքը բարեշրջելու։

Շրջանի գրողները նոյնպէս կը ձգտին ազգային գիտակցութիւնը զօրացնել եւ ընկերային բարեշրջումներ առաջ բերել։ Թուրք պետութեան մեղմ վերաբերումը կը նպաստէ այս շարժումին։ Միւս կողմէ ազգային սահմանադրութիւնը, վաւերացուած 1863ին, աւելի եւս կը խորացնէ ազգային իրաւունքի եւ պարտականութեան զգացումը։

Սահմանադրութիւնը տեսակ մը մշակութային ինքնավարութիւն էր հայութեան շնորհուած։ Եւ ան դարձաւ հայ կեանքին առանցքը։ Ամէն հետաքրքրութիւն անոր շուրջ դարձաւ եւ արթնցուց մեր ժողովուրդի գիտակցութիւնը:

Արդէն շատ կարեւոր թերթեր սկսած էին հրատարակուիլ ինչպէս Զմիւռնիոյ մէջ՝ Ղուկաս Պալթազարեանի «Արշալոյս Արարատեան»ը (1842) եւ Մատթէոս Մամուրեանի «Արեւելեան Մամուլ»ը (1871). Պոլսոյ մէջ՝ Կարապետ Իւթիւճեանի «Մասիս» օրաթերթը (1852), Յարութիւն Սըվաճեանի «Մեղու»ն (1856), որ ապա դարձաւ Պարոնեանի թերթը։ Մինչեւ իսկ մանուկներու յատուկ կը հրատարակուէր «Բուրաստան Մանկանց»ը (1882)։ Այս թերթերը իրենց առօրեայ հրատարակութիւններով գրական բեղուն շարժում մը կը ստեղծէին:

Միւս կողմէն ստեղծուած էին միութիւններ՝ դպրոցներ կառավարելու համար։ Ինչպէս «Կրթասիրաց», «Ուսումնասիրաց», «Ընթերցասիրաց», «Գրասիրաց», «Վերածնական», որոնց միացումը կը դառնայ «Միացեալ Ընկերութիւն»ը։

Յատուկ աղջիկներու կրթութեան համար կը հիմնուի «Ազգանուէր հայուհեաց ընկերութիւն» եւ «Դպրոցասէր տիկնանց ընկերութիւն»:

Թատերական շարժումը եկաւ աւելնալու դպրոցներու, մամուլի եւ միութիւններու գործունէութեան վրայ։

Թատերական շարժումին առաջին ստեղծիչները Վենետիկի Մխիթարեանները եղան, դպրոցական հանդէսներու ընթացքին հայրենասիրական նիւթեր բեմադրելով, քաղուած հայոց պատմութենէն։ Համեստ այդ ներկայացումները հետզհետէ զարգացան, դպրոցներէն դուրս եկան եւ անցան հանրային բեմերու վրայ։

Նոյնիսկ թատերագիրներ մէջտեղ եկան, երբեմն գրաբար լեզուով, երբեմն աշխարհաբար։ Յիշենք ասոնցմէ մի քանին.- Սրապիոն Հէքիմեան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Թովմաս Թէրզեան, Սրապիոն Թղլեան, Պետրոս Դուրեան։ Առաջին հայ թատրոնը կը բացուի Պոլսոյ Խաս Գիւղ թաղին մէջ 1858ին, բայց իր զարգացման գագաթնակէտին կը հասնի 1870ին։ Մեծ ընդունակութեան տէր դերասաններ երեւան կու գան՝ դերասան Վարդովեանի եւ Մաղաքեանի ղեկավարութեան տակ։ Այս դերասանները կը խաղային թէ հայերէն եւ թէ թրքերէն։ Անոնք թուրք թատրոնին ալ հիմնադիրները  կը համարուին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2024, 09:41