2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (15)`.պատրաստեց Սագօ Արեանը

Այսօրուան հաղորդումով ու անցնելէ ետք այդ պայմաններու ներկայացման փուլը Ձեզի հետ պիտի կիսուիմ այդ շրջանի գործիչներու ու նաեւ այդ օրերուն ստեղծուած գրականութեան նկարագրին մասին ընդհանուր եւ արագ ակնարկ մը։

Յարգելի ունկնդիրներ, թէ ինչ փուլերէ անցան մեր գրողները, եւ իրողապէս ինչ պայմաններու տակ ստեղծեցին բառ ու գիր, կերտեցին մշակոյթ ու նոր փայլ մը տուին մեր գրականութեան. Այսօրուան հաղորդումով ու անցնելէ ետք այդ պայմաններու ներկայացման փուլը Ձեզի հետ պիտի կիսուիմ այդ շրջանի գործիչներու ու նաեւ այդ օրերուն ստեղծուած գրականութեան նկարագրին մասին ընդհանուր եւ արագ ակնարկ մը։

 Անշուշտ լոյսին բերելով ու լաւապէս հասկնալով, թէ նախքան հայոց աշխարհի «գլխուն եկած» մեծ ու փոքր փորձութիւնները, ինչպիսի խաղաղ ժամանակներ ապրած է հայկական Պոլիսը։

 Բարի ունկնդրութիւն եւ մինչ նոր հանդիպում։

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Շրջանը քաղաքականապէս հանդարտ է (գոնէ մինչեւ 1870), այսինքն թրքական հալածանքները մեղմացած են եւ ընդհանուր հանդուրժողութիւն մը կայ, որմէ օգտուելով լեզու եւ գրականութիւն կը ստեղծեն մեր ժողովուրդի զաւակները։

Շրջանը ոգիով ազգասիրական է, այսինքն երկար ատենէ ի վեր ճնշուած ազգային զգացումները կը յորդին, քիչ մը նոյնիսկ միամիտ երազային ձեւով. մեր թագաւորները իրենց գերեզմաններէն յարութիւն կ'առնեն. «Հայաստան երկիր դրախտավայր» կ'երգեն մեծ ոգեւորութեամբ եւ խորունկ հպարտութեամբ։

Արուեստով՝ «Զարթօնք»ի գրականութիւնը ռոմանթիկ էր։

Գրականութեանց պատմութեան մէջ ռոմանթիզմը կը յատկանշուի զգացումի եւ երեւակայութեան գերակայութեամբը՝ մտքին ու տրամաբանութեան վրայ։ Այսինքն ռոմանթիկ գրողները կը խօսին շարունակ իրենց եսի մասին չափազանցուած զգացումներով եւ կը նկարագրեն աւելի իրենց երեւակայութեան աշխարհը քան իրական կեանքը։ «Զարթօնք»ի սերունդին մէջ եւս կը գտնենք այս յատկանիշները։ Անոնք զեղուն են հայրենասիրութեամբ, իտէալիստ են եւ երազապաշտ, կ'ուզեն որ կեանքը գտնուի բարութեան, մաքրութեան, անկեղծութեան, գեղեցկութեան եւ եղբայրութեան բարձունքին վրայ։ Հեռու են նիւթական շահագրգռութիւններէ եւ ազնիւ գաղափարները դարձուցած են իրենց ուղեցոյցը։

Այս սերունդին արուեստը տկար մնացած է, տրուած ըլլալով որ նոր կը սկսէր գրականութիւնը եւ գրողներուն ալ հիմնական մտահոգութիւնը ազգը լուսաւորել էր։

«Զարթօնք»ի սերունդի գրական վաստակը կը բաղկանայ առաւելաբար բանաստեղծութիւններէ, թատերական երկերէ, ճառերէ, լրագրական յօդուածներէ եւ քիչ չափով նաեւ վիպական նախափորձերէ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2024, 08:53