Էմանուէլ Ճգնաւորեանը Էմանուէլ Ճգնաւորեանը 

Լորիս Ճգնաւորեանի որդին՝ Էմանուէլ Ճգնաւորեանը նշանակուած է Միլանի Սիմֆոնիկ նուագախումբի երաժշտական ղեկավար

28-ամեայ ջութակահար, խմբավար Էմանուէլ Ճգնաւորեանը ծնած է Աւստրիա: Հակառակ երիտասարդ տարիքին՝ արդէն հասած է տպաւորիչ յաջողութիւններու:

Միլանի սիմֆոնիկ նուագախումբի նոր երաժշտական ​​ղեկավարը պիտի ըլլայ հայկական ծագումով Էմանուէլ Ճգնաւորեանը Վիեննայէն: Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտարարուած է նուագախումբի Facebook-ի էջին մէջ: Էմանուէլը յայտնի երաժշտահան, խմբավար Լորիս Ճգնաւորեանի որդին է:

28-ամեա ջութակահար, խմբավար Էմանուէլ Ճգնաւորեանը ծնած է Աւստրիա: Հակառակ երիտասարդ տարիքին՝ արդէն հասած է տպաւորիչ յաջողութիւններու:

2012 թ-ին ան ներկայացուցած է Աւստրիան «Պատանի կատարողներու Եւրոտեսիլ»-ին:

2014 թուականի Սեպտեմբերին Ճգնաւորեանը Աւստրիայէն դարձած է առաջին երաժիշտը, որ յայտնուած է Fritz Kreisler մրցոյթի եզրափակիչ փուլին, ուր գրաւած է երրորդ տեղը։ 2014 թուականի Նոյեմբերին ստացած է Casinos Austria Rising Star մրցանակը։

Իբրեւ ջութակահար, անցեալ տարի, Ռիքարտօ Շայիի հետ բացած է Լա Սգալա թատրոնի Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին համերգաշրջանը:

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2024, 09:30