«Լեռնային Ղարաբաղ՝ Վտանգուած Հայկական Ժառանգութիւն» ցուցահանդէսը Ֆրանսայի մէջ «Լեռնային Ղարաբաղ՝ Վտանգուած Հայկական Ժառանգութիւն» ցուցահանդէսը Ֆրանսայի մէջ 

«Լեռնային Ղարաբաղ՝ Վտանգուած Հայկական Ժառանգութիւն» ցուցահանդէսը Ֆրանսայի մէջ

Ցուցահանդէսը բացուած է Դեկտեմբեր 14-ին Փարիզի նշանաւոր Պասդիլի հրապարակին վրայ եւ պիտի գործէ մինչեւ Յունուար 15։ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանատան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ ցուցահանդէսը կազմակերպած են Փարիզի քաղաքապետարանն ու «L’Œuvre d’Orient» կաթոլիկ կազմակերպութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

«Լեռնային Ղարաբաղ՝ վտանգուած հայկական ժառանգութիւն» խորագիրով բացօթեայ ցուցահանդէսին առանցքը կը կազմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող 30 բացառիկ լուսանկար։

Ցուցահանդէսը բացուած է Դեկտեմբեր 14-ին Փարիզի նշանաւոր Պասդիլի հրապարակին վրայ եւ պիտի գործէ մինչեւ Յունուար 15։ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանատան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ ցուցահանդէսը կազմակերպած են Փարիզի քաղաքապետարանն ու «L’Œuvre d’Orient» կաթոլիկ կազմակերպութիւնը:

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման ընթացքին՝ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան շնորհակալութիւն յայտնած է Փարիզի քաղաքապետարանին եւ «L’Œuvre d’Orient» կաթոլիկ կազմակերպութեան՝ մշտապէս Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին ըլլալու համար եւ նշած, որ ցուցահանդէսի կազմակերպումը այդ համերաշխութեան հերթական դրսեւորումն է։

Հայաստանի դեսպանը շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հանդէպ ցեղական զտում իրականացնելէ ետք՝ այժմ ազրպէյճանը քայլեր կը ձեռնարկէ վերացնելու այնտեղ հայկական բազմահազարամեայ ներկայութեան հետքերը, որոնց խօսուն ապացոյցներն են ցուցադրուող լուսանկարներուն մէջ պատկերուած եկեղեցիները, կոթողներն ու յուշարձանները։ Այս ծիրէն ներս ան առանձնայատուկ կարեւորութեամբ նշած է Լեռնային Ղարաբաղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան հանրահռչակման եւ պահպանման ուղղութեամբ միջազգային ջանքերուն գործադրումը։

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են եւ խօսքով հանդէս եկած նաեւ Փարիզի փոխքաղաքապետներ Առնօ Նկաչան եւ Գարին Ռոլանը, «L’Œuvre d’Orient» կաթոլիկ կազմակերպութեան նախագահ Ժան-Իւ Դոլոն, նոյն կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն, գերաշնորհ Փասգալ Կոլնիշը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը։

 

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2024, 09:10