Շարժում Արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար Շարժում Արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար 

Եւրոպահայութիւնը կը շեշտէ իր յանձնառութիւնը` շարունակելու պայքարը Արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար

Նախապէս մամուլին յղած իր հաղորդագրութեան մէջ շարժումը «Պայքարը պէտք է շարունակուի» հրամայականին տակ կոչ ուղղած էր Եւրոպայի հայերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի եւրոպացի բարեկամներուն 27 եւ 28 յունուարին համախմբուելու եւրոպական աւելի քան 50 քաղաքներու մէջ, եւ իրենց բողոքը արտայայտելու` դատապարտելով Ազրպէյճանի իշխանութիւններու ցեղային զտման եւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը, պահանջելով ազատ արձակել ռազմագերիները, զօրակցութիւն յայտնել իրենց հողերէն բռնի տեղահանուած արցախահայութեան եւ մղելու եւրոպական պետութիւնն

27 յունուար 2024-ին, ինչպէս նախատեսուած էր, ծայր առաւ երկու օրերու վրայ երկարող «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումին կազմակերպած` իր տեսակին մէջ երկրորդ բողոքի ցոյցերու շարքը: Առաջինը տեղի ունեցած էր 1 հոկտեմբեր 2023-ին, Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի մէջ:

Նախապէս մամուլին յղած իր հաղորդագրութեան մէջ շարժումը «Պայքարը պէտք է շարունակուի» հրամայականին տակ կոչ ուղղած էր Եւրոպայի հայերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի եւրոպացի բարեկամներուն 27 եւ 28 յունուարին համախմբուելու եւրոպական աւելի քան 50 քաղաքներու մէջ, եւ իրենց բողոքը արտայայտելու` դատապարտելով Ազրպէյճանի իշխանութիւններու ցեղային զտման եւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը, պահանջելով ազատ արձակել ռազմագերիները, զօրակցութիւն յայտնել իրենց հողերէն բռնի տեղահանուած արցախահայութեան եւ մղելու եւրոպական պետութիւնները ի հարկին պատժամիջոցներ գործադրելու Պաքուի բռնապետական իշխանութեան դէմ:

Ինչպէս 1 հոկտեմբեր 2023-ի համահայկական ցոյցին, անցնող շաբաթավերջին եւս շարժումը յաջողեցաւ զօրաշարժի ենթարկել Եւրոպայի հայութիւնը, միաւորելով հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ, անգամ մը եւս հաստատելով Արցախի արդար դատին համար պայքարի նոր փուլ անցնելու հայութեան վճռականութիւնը:

Հաւաքներու ընթացքին կարդացուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն ուղարկած ուղերձը, որ «Եւրոպացիներ յանուն Արցախի» շարժումին կազմակերպած նախաձեռնութիւններուն զօրակցութիւն կը յայտնէ:

  • Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ կազմակերպուած հաւաքին, Նիսի եւ շրջակայքի հայութեան կողքին ներկայ եղած են քաղաքապետ Քրիսթիան Էսթրոսի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Մակալի Ալթունեան, Կայէլ Նոֆրի, Ֆրանք Մարթին եւ Իզապել Վիզանթեն, ինչպէս նաեւ Աթփ Մարիթիմ նահանգի փոխնախագահ Օկիւտ Վերոլա:

Յատկանշական էր նաեւ Նիսի մէջ տեղի ունեցած հաւաքին թուրք այլախոհ քաղաքական գործիչ Փընար Սելեքի ուղերձը, ուր զօրակցութիւն յայտնելէ ետք ցուցարարներուն, կ’ըսէ թէ հակառակ անոր որ ինք հայ չէ, սակայն պատրաստ է պայքարելու Հայաստանի համար, որովհետեւ աշխարհը արդար պարտք մը ունի տալիք Հայաստանին: Ան կ’աւելցնէ ու կ’ըսէ, թէ Հայաստանը պաշտպանելով` պաշտպանած կ’ըլլանք նաեւ արդարութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ խաղաղութիւնը:

  • Ֆրանսայի Քլեր Մոնֆերան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին, քաղաքի հայութեան կողքին ներկայ եղան տեղւոյն քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:
  • Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ գտնուող մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի շէնքին դիմաց ալ խումբ մը հայեր բարձրացուցին իրենց բողոքի ձայնը եւ պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն:
  • Ֆրանսայի Մէյզիօ քաղաքին մէջ տեղւոյն հայութեան կողքին հաւաքին ներկայ եղան քաղաքապետական խորհուրդի 4 անդամներ, որոնց կարգին փոխքաղաքապետ Օտեթ Կարպրեշ:
  • Շուէտի Սոտըրթելիոյ եւ Վեսթերոս քաղաքներուն կեդրոնական հրապարակներուն վրայ տեղի ունեցան հաւաքներ` մասնակցութեամբ քաղաքի բնակիչներուն: Հաւաքներուն ընթացքին իրազեկման աշխատանքէ մը ետք ներկայացուեցան Եւրոպացիները Արցախի համար շարժումի արցախահայութեան պահանջները:
  • Լոնտոնի մէջ առաջնորդ սրբազանի եւ գաղութի միութիւններու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անգլիահայ գաղութի համայնքային խորհուրդին եւ թեմի առաջնորդի անունով հրապարակուեցաւ Արցախի դատին եւ արցախահայութեան իրաւունքներուն զօրակցող յայտարարութիւն: Լոնտոնի կեդրոնական թաղամասին մէջ, լոնտոնահայ երիտասարդներ բաժնեցին Արցախի դատը ներկայացնող թռուցիկներ:
  • Գերմանիոյ Քէօլն, Համպուրկ եւ Պրեմըն քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան նախաձեռնութիւններ, որոնց ընթացքին այդ քաղաքներու հայ երիտասարդութեան բազմաթիւ անդամներ Արցախի զօրակցական խօսքեր արտասանեցին:

28 յունուար 2024

  • 28 յունուար 2024-ին, Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի հայութիւնը ժամադրուած էր Ալֆորվիլի քաղաքապետարանի հրապարակը` զօրակցելու «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումին կազմակերպած զօրահաւաքին:

Քանի մը հարիւր հայորդիներու ներկայութեան շարժումին անունով խօսք առաւ Արին Թաշճեան, որ դատապարտեց Ազրպէյճանի վարած ոճրային քաղաքականութիւնը եւ ներկայացուց 2023-ին գերեվարած քաղաքական դէմքերու կենսագրականները: Ան կարդաց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ուղերձը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպայի 50 քաղաքներու մէջ այս երկու օրերուն շարժումին աջակցող բոլոր կազմակերպութիւններուն:

Ապա խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, որ քաղաքական մեղադրանքներէն անդին շեշտը դրաւ հայկական իրականութեան մէջ այսօր աւելի քան երբեք միասին ուղղութիւն ճշդելու անհրաժեշտութեան, ապահովութիւնը պահպանելու կարեւորութեան վրայ` յարգելով Արցախի սիրոյն մեր բոլոր զոհուածներուն յիշատակը: Խօսքին աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի ժողովուրդին ի նպաստ Ալֆորվիլի քաղաքապետարանին ցուցաբերած կեցուածքներուն եւ իրականացուցած քայլերուն համար:

Ապա խօսք առաւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Քարվունաս, որ զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի քաղաքական բանտարկեալները առանց նախապայմանի ազատ արձակելու յանձնառութեան, դատապարտեց հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ ցեղային զտումը, պահանջեց Արցախի բնակիչներու տունդարձի ապահովում եւ վերջապէս կարեւոր նկատեց հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնը: Ան ընդգծեց, որ այս տարի կը նախատեսուի պաշտօնական այցով կրկին այցելել Հայաստան:

Ապա խօսքը փոխանցուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանին, որ անդրադարձաւ Արցախի պաշարումէն մինչեւ անոր հայաթափումը երկարող ժամանակաշրջանին եւ աւելցուց, որ պէտք է բացառել պարտուողական ամէն կեցուածք եւ ընթացք, այլ ընդհակառակն` խրախուսեց ներկաները ըլլալու աւելի խրոխտ եւ վճռական: Զգաստութեան եւ պայքարելու կոչ ուղղեց ան` վերադարձնելու Արցախը եւ պահպանելու Հայաստանի սահմանները:

Յայտագիրի յաջորդ խօսքը արտասանեց Վալ Տէօ Մարնի երեսփոխան Իզապել Սանթիակօ: Վերջին խօսողն էր Վալ Տէօ Մարնի ծերակուտական Լորանս Ռոսինիոլ:

Հայր Տիրայր Գըլըճեանի եւ պատուելի Ժիլպեր Լեւոնեանի տէրունական աղօթքէն ետք Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան վարժարանի աշակերտները յաջորդաբար երգեցին Արցախի, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի քայլերգները:

  • Փարիզի մէջ, եկեղեցւոյ բակին մէջ խմբուած ժողովուրդը արարողութենէն անմիջապէս ետք, առաջնորդութեամբ սրբազան հօր, քալելով ուղղուեցաւ դէպի Կոմիտասի արձանը, ուր տեղի ունեցաւ ցոյց-հաւաքը: Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներէն ետք կարդացուեցան ուղերձները: Հաւաքին ներկայ էին ֆրանսական մամուլի ներկայացուցիչներ:
  • Ֆրանսայի Տեսին քաղաքին մէջ, տեղւոյն միութիւնները կազմակերպեցին Արցախի գաղթականներուն ի նպաստ բարեսիրական ձեռնարկ մը: Բազմահարիւր բնակիչներ այցելեցին ձեռնարկին վայրը:
  • Ֆրանսայի Իսի Լէ Մուլինոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի արդար դատին: Հաւաքին խօսք առաւ Իսի Լէ Մուլինոյի փոխքաղաքապետ Յարութ Խանճեան:
  • Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին հաւաքը տեղի ունեցաւ կէսօրէն ետք ժամը 17:00-ին Պանսել պողոտայի հսկայական շատրուանին մօտակայքը: Ներկայ էին զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ քաղաքական դէմքեր` Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնը եւ կարգ մը փոխքաղաքապետներ եւ խորհրդականներ` Վերոնիք Փիւժա, Օրօր Նատար, Ֆրանք Սուլինեաք, Նաթալի Իլիզոր եւ Ժորժ Ռասթլան, ծերակուտական Պեռնար Պիւի եւ շրջանի խորհրդատու Աննա Փլաս:

Նախ խօսք առաւ Օրօր Նատարը եւ դատապարտեց Արցախի բռնագրաւումն ու Ազրպէյճանի ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք: Ծերակուտական Պեռնար Պիւին ալ դատապարտեց Ազրպէյճանը` Արցախի բռնագրաւման համար եւ շեշտեց, որ Ֆրանսան միշտ դատապարտած է Պաքուի վերաբերմունքը եւ պաշտպանած Հայաստանը եւ արցախցիներու իրաւունքները: Նիքոլա Տարակոնն ալ իր կարգին դատապարտեց Արցախի բռնագրաւումը եւ Ազրպէյճանի Հայաստան ներխուժումը: Ան կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան հակազդելու եւ հաստատեց արցախահայութեան իրաւունքը վերադառնալու հայրենի հողեր եւ ապահով ապրելու պատմական հայրենիքին մէջ:

  • Ֆրանսայի Շաթորուի շրջանի հայութիւնը հաւաքուեցաւ հանրապետութեան հրապարակը, ուր կարդացուեցան ֆրանսերէնով եւ հայերէնով ուղերձներ: Ցոյցին իր մասնակցութիւնը բերաւ Շաթորուի քաղաքապետը:
  • Ֆրանսայի Փլեսի Ռոպենսոն քաղաքի ցոյցը սկսաւ ժամը 16:00-ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ, Անդրանիկ զօրավարի արձանին եւ հոն տեղադրուած խաչքարին մօտակայքը: Փոխքաղաքապետ Քոռին Մար Տիւկեր խօսք առաւ, ինչպէս նաեւ ելոյթ ունեցաւ Իւնիսոն միութեան ներկայացուցիչը: Ներկայ էին նաեւ փոխքաղաքապետներ Սիրիլ Փեքրիօ, Էլիզապեթ Տիւպուա եւ խորհրդական Սանտրա Պասմաճեան:
  • Ֆրանսայի Փալեզօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ իրազեկման աշխատանք, քաղաքի հայկական կազմակերպութիւնները քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ բաժնեցին թռուցիկներ:
  • Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մէջ հաւաքներ տեղի ունեցան քաղաքի երեք եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ: Պոմոնի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` մասնակցութեամբ հոծ բազմութեան մը, տարբեր միութիւններու ներկայացուցիչներու, ներկայ էին ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, Ժիլպեր Տատրեան, Ժիլպեր Մարքոյեան, Էրիք Սարաճեան, Ազատ Պալալաս/Գազանճեան, Տիտիէ Փարաքեան:
  • Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքի հաւաքին մասնակցեցան նաեւ Սարսելի, Սըվրանի եւ Լիվրիի միութիւնները: Ներկայ էր Առնուվիլի քաղաքապետ Փասքալ Տոլը` ընկերակցութեամբ կարգ մը փոխքաղաքապետներու եւ խորհրդականներու: Հոգեւոր հայրեր ալ մասնակցեցան հաւաքին: Քաղաքական եւ միութենական դէմքեր խօսք առին, ընթերցուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն ուղերձը մասնակիցներուն: Մշակութային ամփոփ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ հանրութեան: Քաղաքապետ Փասքալ Տօլը յայտարարեց, թէ ինչ որ կը պատահի Արցախի մէջ, շարունակութիւնն է 1915-ի ցեղասպանութեան: Ալիեւը եւ Էրտողանը կանգ պիտի չառնեն, եթէ Եւրոպան, Ֆրանսան եւ Հայաստանի բարեկամները չմիջամտեն:
  • Ֆրանսայի Անթոնի քաղաքի «Անթոնիի ֆրանսահայ միութեան» երիտասարդները հանդիպում մը կազմակերպեցին պատմաբան Յարութիւն Գէորգեանին հետ կիրակի, 28 յունուարին, «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումին ծիրին մէջ:
  • Ֆրանսայի Կրէօնոպլ քաղաքի հայ մշակութային տան մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն մասնակցեցան բազմաթիւ քաղաքական դէմքեր եւ լրագրողներ: Շրջանի հայութիւնը առիթը ունեցաւ լսելու հարց եւ պատասխանները:
  • Վիլըրպան (Ֆրանսա)-Վիլըրպանի Հայ մշակոյթի տունը «Հայաստանի գանձերը» (Les trésors de l’Arménie) տեսերիզը ցուցադրեց շաբաթ, 27 յունուարին: 2017-ին պատրաստուած այս վաւերագրական տեսերիզը կը ներկայացնէ արցախեան կոթողները եւ եկեղեցիները:
  • Ռումանիոյ Իասի եւ Քոսթանթա քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան հաւաքներ, մասնակիցները բարձրացուցին Արցախի ռազմագերիներու եւ բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջը:
  • Վրաստանի Թիֆլիս քաղաքին մէջ` Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան գրասենեակին առջեւ տեղի ունեցաւ հաւաք: Ցոյցի մասնակիցները բռնած էին իրենց պահանջները ձեւակերպող պաստառներ: Ուսանողները կարդացին անգլերէնով գրուած դիմումը, որ պիտի ներկայացուի Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն ուղերձը մասնակիցներուն:

Այս ցոյցին համընթաց Թիֆլիսի թրքական եւ ազրպէյճանական դեսպանութիւններուն նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է այլ «ցոյց» մը, որուն ընթացքին վերոնշեալ դեսպանութիւններուն աշխատողները խումբ մը մարդիկ բերած են ցոյց ընելու:

  • Կիպրահայութիւնը իր բողոքի ձայնը լսելի դարձնելու համար հաւաքուած էր Նիկոսիոյ հայկական եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ` Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողին կից: Հաւաքին յաջորդաբար խօսք առին «եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումի ներկայացուցիչ Վահան Այնէճեան, Կիպրացի կանաչներ կուսակցութեան փոխնախագահ Քիրիաքոս Ցիմիլիս, Սթրովոլոսի քաղաքապետ Անտրէաս Փափաշարալամպուս եւ Կիպրոսի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան:
  • Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքի հայութիւնը հաւաքուած էր եկեղեցւոյ բակին մէջ եւ իր բողոքի ձայնը միացուց Եւրոպայի միւս քաղաքներու մէջ հաւաքուած միւս հայրենակիցներուն: Հաւաքի ընթացքին խօսք առաւ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ` Յակոբ Գազանճեան:
  • Պուլկարիոյ մէջ, Պուրկասի Սուրբ խաչ, Վառնայի Սուրբ Սարգիս, Ռուսէի Սուրբ Աստուածածին, Փլովտիվի Սուրբ Գէորգ, Սոֆիայի Սուրբ Աստուածածին, Խասկովոյի Սուրբ Ստեփանոս, Շումենի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ պուլկարահայութիւնը, իր կարգին, մասնակից դարձաւ Արցախի զօրակցութեան բողոքի հաւաքներուն:
  • Շուէտի Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ Արցախի նուիրուած գեղարուեստական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի խօսքով, ապա տեսերիզներ ցուցադրուեցան: Բացման խօսքը կարդաց ՀՄԸՄ-ի վարչութեան անդամ Յովան Ծերունեան: Օրուան բանախօսներն էին հայերէնով Սիմոն Տէր Սահակեան (ՀՅԴ հիւսիսեան կոմիտէութեան քաղաքական ներկայացուցիչ) եւ շուէտերէնով Սթոքհոլմի եկեղեցական խորհուրդի անդամ Նաթալի Արզումանեան:
  • Վիեննայի մէջ կազմակերպուած հաւաքին ընթացքին շրջանի հայութիւնը բարձրացուց իր բողոքի ձայնը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան դէմ, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց բռնի տեղահանուած արցախահայութեան:
  • Յունաստանի Աթէնք քաղաքի հաւաքը տեղի ունեցաւ Սինթակմա հրապարակը: Օրուան բանախօսն էր Արման Գրիգորեան (Հայ դատի յանձնախումբի անդամ): Ներկայ էին երեսփոխաններ Սթելիոս Ֆոթոփուլոս եւ Վասիլիս Ղրամենոս, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս, ինչպէս նաեւ համայնքի կրօնական եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ: Ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին փրոֆեսէօր Նիքոս Լիղերոս, քաղաքապետ Քութելաքիս, լրագրող Քոսթաս Փլիաքոս, որոնք անցեալին Արցախ այցելած էին:
  • Յունաստանի Քաւալա քաղաքին մէջ կազմակերպուած հաւաքին տեղւոյն հայութեան կողքին ներկայ եղան Յունաստանի խորհրդարանի երեսփոխաններ Փասխալիտիս եւ Տելիքարի, փոխմարզպետ Մարքոփուլոս, մարզային խորհուրդի անդամներ Իոսիֆիտիս, Իղնաթիատիս, Անտոնիատիս եւ քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Մամցատելիս: Հաւաքի ընթացքին բաժնուեցան Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն գործած ոճիրները բացայայտող թռուցիկներ, իսկ պատկերասփիւռի տեղական երեք կայաններ անդրադարձան հաւաքին:
  • Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքի հաւաքը սկսաւ կէսօրէն ետք ժամը 13:00-ին, Մշակոյթի տան առջեւ, ներկայութեամբ «Նոր ժողովրդավարութիւն» կուսակցութենէն երեսփոխաններ Քոնսթանթինոս Ճիուլեքասի եւ Տիմիթրիս Քուվելասի եւ «Սպարտացիներ» կուսակցութենէն երեսփոխան Պետրոս Տիմիթրիատիսի: Ներկաները աղօթեցին Արցախի ազատագրութեան, զոհուածներու հոգիներուն եւ արցախցի ժողովուրդին ապագային համար:
  • Հաւաքներ տեղի ունեցան նաեւ Յունաստանի Փիրէա եւ Սերես քաղաքներուն մէջ:
  • Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի հաւաքը տեղի ունեցաւ Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Հաւաքի ընթացքին խօսք առաւ Կարէն Թաթեւոսեան` Պելճիքայի հայերու վեհաժողովի նախագահը, որ ներկայացուց «Եւրոպացիներ յանուն Արցախի» շարժումը, անոր աշխատանքներու ծիրը, ինչպէս նաեւ ներկայացուց բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք կազմակերպուած են` թիրախ ունենալով Եւրոպական խորհրդարանը եւ Եւրոպական Միութիւնը թէ՛ Պրիւքսելի եւ թէ՛ 15 այլ երկիրներու մէջ: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ 27 եւ 28 յունուարին, 15 երկիրներու 55 քաղաքներու մէջ միաժամանակ տեղի ունեցած են զանազան նախաձեռնութիւններ, բոլորը` յանուն Արցախի: Ան իր խօսքին ընդմէջէն արտայայտեց հայութեան յուսախաբութիւնը այն իմաստով, որ հակառակ բազմաթիւ խոստումներուն եւ եղած յայտարարութիւններուն որեւէ գործնական քայլ չէ առնուած շարժումին պահանջներուն առնչութեամբ:
  • Հաւաքին ընթացքին խօսք առին նաեւ Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի երեսփոխաններ Միշել տը Մայեկտ եւ Տարիա Սաֆայի:
  • Հաւաքի ընթացքին Զատիկ վրդ. Աւետիքեան ներածական մը ըրաւ եւ ներկայացուց հաւաքին կազմակերպիչները` «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը, Պրիւքսելի մէջ Հայոց առաքելական եկեղեցին եւ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը: Ան ալ իր կարգին անդրադարձաւ գերիներու խնդիրին եւ առեւանգուած նախկին ղեկավարներու վերադարձի կարեւորութեան:
  • Ապա, խօսք առաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, որ յստակօրէն ներկայացուց «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումի պահանջները:
  • Պելճիքայի Մեխելեն քաղաքի հանրահաւաքին ընթացքին խօսք առաւ Մեխելենի հայոց հոգեւոր առաջնորդ Արմէն քհնյ Մելքոնեան: Ան ներկայացուց հետեւեալ պահանջները` ազատութիւն Պաքուի մէջ բանտարկուած գերիներուն, անվտանգութեան երաշխիքներ արցախահայութեան պատմական հայրենիք վերադարձին համար, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն թշնամի զօրքերու հեռացում, պատժամիջոցներու հաստատում Ազրպէյճանի դէմ:
  • Արմէն քհնյ. Մելքոնեան նաեւ նշեց, որ Արցախի հարցը մեզի համար գոցուած հարց չէ, պէտք է պայքարը շարունակել:
  • Ամսթերտամ (Հոլանտա)-Ամսթերտամի կեդրոնական Տամ հրապարակը տեղի ունեցաւ ցոյց մը, որուն ընթացքին հնչեցին լոզունգներ` «Պատժեցէ՛ք Ազրպէյճանը», «Ազատ արձակեցէ՛ք հայ գերիները», «Արցախը հայ է», «Ալիեւ խափանարար», «Էրտողան խափանարար»:
  • Ալմելօ (Հոլանտա)-Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ ընթերցուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն ուղերձը եւ բացատրուեցաւ «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժման նպատակը: Հանրութիւնը պահանջեց, որ Պաքուի մէջ բանտարկուած գերիները ազատ արձակուին, եւ զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի ժողովուրդին: Նոյնանման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ալմելոյի ՀՄԸՄ-ի շէնքին մէջ:
  • Անհեմ (Հոլանտա)-Անհեմի ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած ձեռնարկին ընթերցուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն ուղերձը եւ բացատրուեցաւ «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժման նպատակը: Հանրութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի ժողովուրդին եւ ընդգծեց սփիւռքի ունեցած դերին կարեւորութիւնը այս ժամանակաշրջանին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2024, 08:30