Ուքրանիոյ մէջ ռումբերու հետեւանքով քանդուած բնակարաններ Ուքրանիոյ մէջ ռումբերու հետեւանքով քանդուած բնակարաններ  (ANSA)

ՕԹԱՆ. «Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տագնապը երկար պիտի տեւէ»

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Միրչա Ճոանա կոչ ուղղած է մարդոց պատրաստուելու այն փաստին, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տագնապը երկար պիտի տեւէ եւ կրնայ նոյնիսկ 2025 թուականին չաւարտիլ:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Միրչա Ճոանա կոչ ուղղած է մարդոց պատրաստուելու այն փաստին, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տագնապը երկար պիտի տեւէ եւ կրնայ նոյնիսկ 2025 թուականին չաւարտիլ:

«Իմ կոչս է` պատրաստուիլ երկար պատերազմի, անիկա պիտի շարունակուի, 2024-ին պիտի չաւարտի, թերեւս ոչ նոյնիսկ 2025-ին: Ոչ մէկ տեղ կը տեսնենք զինուորական կարողութիւն` այսպէս թէ այնպէս վճռական յաղթանակի հասնելու համար:

«Մենք կ՛ակնկալենք երկարատեւ պատերազմ` փոքր յարձակումներով, հակայարձակումներով, տարածքներու գրաւումով եւ կորուստով», «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ճոանան ռումանական «Տիկի 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Անոր համաձայն, ՕԹԱՆ-ը պիտի շարունակէ աջակցիլ ուքրանացիներուն:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ կարեւոր է կանխարգիլել ռուս զինուորներու հաւանական մօտեցումը ռումանական սահմանին:

«ՌԻԱ Նովոսթի» նաեւ հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի գրասենեակը երէկ հաղորդած է, որ Քիեւ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ երկկողմանի բանակցութիւններու սկսած է Ռումանիոյ հետ:

«Ուքրանական կողմը, Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Երմաքի մասնակցութեամբ, երկկողմանի բանակցութիւններու սկսած է Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Եուլիան Ֆոթայի հետ` երկկողմանի անվտանգութեան համաձայնագիր կնքելու վերաբերեալ:

«Ռումանիան դարձած է 9-րդ երկիրը, որ երկկողմանի բանակցութիւններու սկսած է Ուքրանիոյ հետ անվտանգութեան վերաբերեալ», կը նշուի Զելենսքիի գրասենեակի կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Վլատիսլաւ Վլասիուք յայտարարած է, որ Ուքրանիան Բրիտանիոյ հետ ստորագրուածին նման անվտանգութեան համաձայնագիրներ կը մշակէ Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ շարք մը այլ երկիրներու հետ:

«Նոյնանման փաստաթուղթեր կը մշակուին շարք մը այլ երկիրներու հետ` սկսած Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, Քանատայէն, Լեհաստանէն, բոլորին հետ նոյնպէս կը մշակուին նմանատիպ փաստաթուղթեր: Գաղափարը բացարձակապէս նոյնն է. Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքները», ըսած է ան:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք 12 յունուարին անվտանգութեան երկկողմանի համաձայնագիր ստորագրած են:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2024, 08:19