Ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին Ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին 

Նիքարակուայի մէջ ձեռնադրուեցան նոր ինը քահանաներ

Ինը նոր քահանաներու ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ, Նիքարակուայի եկեղեցւոյ համար դժուար ժամանակահատուածին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Նիքարակուայի մայրաքաղաք՝ Մանակուայի թեմը ունեցաւ ինը նոր քահանաներ։ Նոր քահանաներու ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 6 յունուարին, Յիսուսի Մկրտութեան տօնի օրը՝ ձեռամբ թեմի արքեպիսկոպոս կարդինալ Խօսէ Պրենէս Սոլորզանոյի, մասնակցութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներուն։

Քահանաներուն ձեռնադրութեան արարողութեան առթիւ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ծիրանաւորը գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ նոր քահանաներուն «հրաշալի պարգեւին համար», ընդգծելով որ «քահանայութիւնը իշխանութիւն մը չէ այլ առաքելութիւն եւ ծառայութիւն»։

«Քահանաները ծառայողներ եւ վկաներ են ու կանչուած «ապրելու հաղորդութիւնն ու եղբայրութիւնը» ըսաւ Մանակուայի թեմը արքեպիսկոպոսը։

Յայտնենք, թէ ինը նոր քահանաներու ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ, Նիքարակուայի եկեղեցւոյ համար դժուար ժամանակահատուածին մէջ։

Անցեալ 20 դեկտեմբերին ձերբակալուեցան 14 քահանաներ, երկու նորընծաներ, Սիունայի եպիսկոպոս գերապայծառ Իսիտորօ Տէլ Քարմեն Մորա Օրթեկան, որ ձերբակալուեցաւ Էսթէլիի թեմի եպիսկոպոս, գերապայծառ Խօսէ Ալվարէզ Լակոսին համար աղօթելէ ետք։ Գերապայծառ Խօսէ դատապարտուեցաւ  26 տարի՝ ազատազրկման առանց պատշաճ դատաքննութեան ու ան բանտարկուած է անցեալ տարի փետրուարէն։

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

1 յունուար 2024ին, Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Նիքարակուայի մէջ պատահածներուն, ուր եպիսկոպոսներ ու քահանաներ զրկուած են ազատութենէն։

«Աղօթքի մէջ իմ մօտիկութիւնս կը յայտնեմ ազատազրկուած եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու անոնց ընտանիքներուն ինչպէս նաեւ երկրի համայն եկեղեցւոյ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով Աստուծոյ ժողովուրդը աղօթելու Նիքարակուայի համար։

Նշենք ,թէ մինչեւ այսօր՝ Նիքարակուայի իշխանութիւնները չհաստատեցին ոչ ալ հերքեցին անհետ կորսուած հոգեւորականներու կալանաւորումը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2024, 10:02