Վատիկանի  արխիւէն լուսանկար Վատիկանի արխիւէն լուսանկար 

Լոյս տեսաւ Հայր Վահան ծ. վրդ. Օհանեանի պատրաստած՝ «Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Թահթաճեանի փաստաթուղթերը Վատիկանի արխիւին մէջ» հատորը

Փաստաթուղթերուն մէկ մասը օտարալեզու է եւ գնահատելի է Հ. Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեանի ջանքը՝ օտարալեզու բնագիրներէն թարգմանել տալու, համադրելու եւ ներկայացնելու փաստաթուղթերը՝ իբրեւ հերթական վաւերական արժէքը մեր պատմութեան: Այս մէկը Մխիթարեան միաբանութեան հայագէտ անդամի առաջին գիրքը չէ։ Ան նախորդ տարիներուն նոյնպէս հայոց պատմութեան վերաբերեալ եզակի աշխատութիւններ հրատարակած է եւ անցեալ տարի, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով հայագիտութեան զարգացման եւ հայապահպանութեան գործին

Ուշագրաւ ու եզակի հրատարակութիւն մը դրուած է մեր սեղաններուն վրայ: Մխիթարեան միաբան, բանասէր եւ հետազօտող Հայր Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեանի ջանքերով լոյս տեսած է «Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Թահթաճեանի փաստաթուղթերը Վատիկանի արխիւին մէջ» խորագրով գիրքը:

1919-1923 թուականները ընդգրկող այդ փաստաթուղթերը կը ներկայացնեն կարեւոր տեղեկութիւններ՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւորագոյն շրջանի մը՝ Առաջին Հանրապետութեան եւ ատոր յաջորդած քանի մը խորհրդային տարիներու մասին:

Հ. Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան այս փաստաթուղթերուն առընչուած է 2007 թուականին, երբ առիթ ունեցած է Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ աշխատելու: Թահթաճեանի թղթածրարը պատահաբար անցած է անոր ձեռքը եւ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած: Ատկէ ետք Հայր Վահան հանդիպած է Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ աշխատող հայազգի հետազօտող Վալենթինա Քարախանեանին, որ սիրայօժար կերպով Հայր Վահանին տրամադրած է այդ փաստաթուղթերու բարձրորակ լուսանկարները, որոնք այս գիրքը կազմելու գործին մէջ մեծապէս օգնած են Մխիթարեան միաբանութեան անդամին:

Ժողովածոյին մէջ ընդգրկուած եւ երբեւէ չհրապարակուած փաստաթուղթերը հնարաւորութիւն կու տան նորովի վերանայելու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տարեգրութեան՝ վերագնահատելու շատ մը հանգամանքներ, պատմական իրողութիւններ: Գիրքը կազմողները նոյնպէս ունեցած են այդ նպատակը՝ ջուրի երես հանելու Ա. Հանրապետութեան կերտման բարդ ու դժուարին ընթացքը, հակասական իրողութիւնները, մութ եւ վիճելի անցքերը, ներքին եւ արտաքին անուղղակի ազդեցութիւնները: Ինչպէս կը նշէ գիրքը կազմողը՝ Վատիկանի գաղտնի արխիւներէն ձեռքբերուած հայալեզու եւ օտարալեզու փաստաթուղթերը տուեալ ժամանակաշրջանի պատմական, քաղաքական, տնտեսական, ռազմական, դիւանագիտական, մարդասիրական, բարեգործական, սփիւռքագիտական, աղբիւրագիտական անսպառ նիւթերու շտեմարան կրնան դառնալ հայ եւ օտար հետազօտողներու համար: Միաժամանակ, արդիական եւ բացառիկ կը գնահատուի այս աշխատութիւնը՝ մանաւանդ բարոյահոգեբանական տեսանկիւնէ։ Լոյս տեսնելով այս օրերուն, երբ հայութիւնը կրկին օրհասական օրեր կ՚ապրի, այս հրատարակութիւնը՝ իր պատմական նշանակութեամբ, կու գայ իր հերթին օգնելու հայ ժողովուրդին՝ ներկայ դժուար օրերը յաղթահարելու, սխալները չկրկնելու առումով, հայեացք նետելով անցեալին եւ հնարաւորութիւն կու տայ բաց աչքերով նայելու ապագային, ուժ կու տայ՝ դիմակայելու սպառնալիքներուն եւ մարտահրաւէրներուն:

«Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Թահթաճեանի փաստաթուղթերը Վատիկանի արխիւին մէջ» գիրքը կրնայ ուղեցոյց դառնալ աշխարհասփիւռ հայութեան համար՝ համախմբուելու հայրենի պետութեան շուրջ, զօրավիգ ըլլալու Հայաստանին, պետականաշինութեան մասնակից դառնալու, յանուն գաղափարի բռունցքուելու… Պատահական չէ, որ գիրքի Երեւանի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան երդիքին տակ եւ փոխ-նախարար Պարոյր Յովհաննիսեան շնորհանդէսին ելոյթ ունենալով՝ գնահատեց աշխատութեան կարեւորութիւնը: Գիրքը լոյս տեսած է Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան օժանդակութեամբ: Դեսպան Կարէն Նազարեան գիրքին «Երկու խօսք»ին մէջ նշած է, որ դեսպանութիւնը պատրաստակամ է աջակցելու նմանօրինակ նախաձեռնութիւններուն եւ համագործակցելու հայ, օտարազգի գիտնականներու եւ հետազօտողներու հետ՝ շարունակելու համար Վատիկանի պետական քարտուղարութեան (AAEESS), Արեւելեան եկեղեցիներու Սուրբ ժողովի (CO), Հաւատասփիւռի (PF) եւ գաղտնի արխիւներու մէջ (ASV) Հայաստանին եւ հայութեանն առընչուող մեծածաւալ ու արժէքաւոր նոր ուսումնասիրութիւնները հասարակութեան դատին յանձնելու համար:

Յառաջաբանին մէջ գիրքը արժեւորած են նաեւ հայրենի պատմաբաններ Էտիկ Մինասեան եւ Վանիկ Վիրաբեան:

Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Թահթաճեանի փաստաթուղթերը կարեւորագոյն տեղեկութիւններ կը հաղորդեն փոթորկալի այդ ժամանակաշրջանի ընթացքին նորաստեղծ հայկական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան գործունէութեան մասին:

***

1918 թուականի մայիսին, ինչպէս յայտնի է՝ հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ գոյատեւեց երկու տարի եւ պատմութեան մէջ մտաւ Առաջին Հանրապետութիւն անուանումով։ Եւ ինչպէս ծանօթ է՝ առաջին պետութիւնը, որ ճանչցած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը 1918-ի մայիսին, եղած է Օսմանեան կայսրութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ Օսմանեան կայսրութիւնը առաջին պետութիւնն էր, որ Հայաստանի մէջ բացած է դեսպանութիւն, այն ժամանակ՝ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն եւ դեսպան ղրկած է: Օսմանեան կայսրութեան ներկայացուցչութիւնը բացուած է ո՛չ միայն Երեւանի, այլեւ՝ Կիւմրիի մէջ (այն ժամանակ Ալեքսանդրապոլ)։

Շուտով Հայաստան նոյնպէս Իսթանպուլի մէջ կը բանայ դեսպանութիւն եւ դեսպան (դիւանագիտական պատուիրակ) կը նշանակէ Ֆերտինանտ Թահթաճեանը: Հայկական դիւանագիտական պատուիրակութիւնը կը գործէր Իսթանպուլի «Թոքաթլեան» պանդոկին մէջ եւ մեծ գործունէութիւն կը ծաւալէր ի նպաստ նորաստեղծ Ա. Հանրապետութեան: Ընդհանրապէս այդ տարիներուն արտասահմանի մէջ բացուած հայկական դիւանագիտական ներկայացուցիչները կանգնած էին լուրջ առաքելութեան առջեւ: Մէկ կողմէ անոնք պէտք է կայանային իբրեւ դիւանագիտական կառոյցներ, մեծ աշխատանք տանէին հայկական պետութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ, միւս կողմէ ալ իրենց առջեւ դրուած խնդիր ունէին օգնել Հայաստանին՝ մեղմելու երկրի դէմ յանդիման մնացած նիւթական, տնտեսական, դեղօրայքային, գաղթական ճգնաժամը, սովը, կապեր հաստատէին եւ կենսական միջոցներէ սկսեալ մինչեւ զէնք հայթայթէին եւ ղրկէին Հայաստան:

Երկար տարիներ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու այս գործունէութեան շատ մանրամասնութիւններ յայտնի չեն եղած եւ այս գիրքին մէջ հրատարակուած այս փաստաթուղթերէն կը տեղեկանանք, թէ ինչպիսի՛ ահռելի օգնութիւն ղրկուած է Հայաստան այդ տարիներուն. ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ կատարուած են դրամահաւաքներ, որոնք արտերկրի մէջ գործող Հայաստանի հանրապետութեան դեսպաններու, հիւպատոսներու եւ դիւանագիտական միւս ներկայացուցիչներու միջոցով կը ղրկուէին Հայաստան՝ թրքական օսմանեան թղթադրամներու, ոսկէ լիրաներու, ռուպլիի, դահեկանի, կովկասեան թղթադրամներու, ոսկեդրամներու եւ այլ երկիրներու ազգային արժոյթներու միջոցով: Դրամներուն հետ նաեւ խնամքով արձանագրութիւններ կը կազմուէին, որոնք պահպանուած են: Պատմաբանները կը փաստեն, որ այդ տարիներուն Հայաստան յոյժ կարիք ունէր ամէն տեսակի օգնութեան, որովհետեւ տարածքային սահմանազատման շուրջ ծաւալուած հակամարտութեան մէջ էր եւ անհրաժեշտ ապրանքներ ներկրելու դժուարութիւն ունէր: Եւ այս փաստաթուղթերէն կը տեղեկանանք նաեւ, թէ դրամէն զատ Հայաստան ղրկուած է զգեստեղէն, գրամեքենաներ, կտորեղէն, հայկական զինուժի համար չափազանց կարեւոր զէնք-զինամթերք, հայ զինուորներուն անհրաժեշտ իրեր՝ հագուստ, կօշիկ, գուլպայ, թաշկինակ, ներքնազգեստ, ճերմակեղէն եւ այլն: Հրատարակիչները գնահատելի կը նկատեն մասնաւորապէս ֆրանսերէն թեքստերու թարգմանութիւնը՝ ձեռամբ տքթ. Շուշանիկ Թամրազեանի, որու շնորհիւ հնարաւորութիւն ընձեռուած է հայերէնով ծանօթանալու հետազօտուած նիւթին:

Գիրքը արժեւորող պատմաբանները նկատած են, որ գիրքին մէջ ներառուած կարգ մը կարեւոր փաստաթուղթեր ալ կը վկայեն Պոլսոյ մէջ գործած հայ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ զանազան միութիւններու նախաձեռնութեամբ կազմուած Հայ բանակի նուիրահաւաք Կեդրոնական մարմնի աշխատանքի վերաբերեալ, որ իր գործունէութեան երկու ամսուայ ընթացքին հաւաքած գումարը եւ իրերը հասցէագրած էր Հայաստանի Զինուորական նախարարութեան եւ այս հանգամանքը նոյնպէս Առաջին Հանրապետութեան բանակի պատմութեան հարստացման առումով զգալի արժէք կը ներկայացնէր: Ընդհանրապէս, Առաջին Հանրապետութեան բանակի տարեգրութեան մէջ բաց էջեր կան եւ այս գիրքին մէջ ի յայտ եկած շատ փաստեր կրնան ամբողջացնել այդ տարեգրութիւնը:

Հրատարակուած փաստաթուղթերուն մէջ կարելի է տեսնել Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի, առաջնորդ սրբազաններու, օրուայ հայալեզու մամուլի խմբագիրներու եւ այլ կարեւոր կառոյցներու ղեկավարներու նամակներ՝ ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան Իսթանպուլի դիւանագիտական պատուիրակ Ֆերտինանտ Թահթաճեանին: Ակնյայտ է, որ բոլորը իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնէին զանազան օգնութիւն ղրկելու Հայաստան, զօրավիգ ըլլալու եւ յատկանշանական է, որ օգնութիւններու մէջ կը տեսնենք ո՛չ միայն հայկական, այլեւ՝ Օսմանեան կայսրութեան տեղական կառոյցներու կողմէ հաւաքագրուած եւ Հայաստանի նորանկախ հանրապետութիւն ղրկուած ծրարներ, դրամ, հագուստ, դեղ եւ այլն…

Յատկանշական այլ փաստ մը, որ կը պարզուի փաստաթուղթերէն. Իսթանպուլի մօտ Հայաստանի պատուիրակը հայաստանեան ծրագրերու մասին ծանուցած է նաեւ տեղւոյն հայկական թերթերուն միջոցով եւ մամուլն ալ, իր կարգին, մասնակից դարձած է այս գործին:

Բացի օգնութիւններուն վերաբերեալ փաստաթուղթերէն, կայ նաեւ այլ հարցերու վերաբերեալ գրագրութիւն, որ նոյնպէս ներառուած է գիրքին մէջ: Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Թահթաճեանի փաստաթուղթերը յետագային պահ տրուած են Պոլսոյ մէջ առաքելական պատուիրակին (Վատիկանի դիւանագիտական ներկայացուցիչին): Ահա այսպէս ալ անոնք յայտնուած են Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ:

Փաստաթուղթերուն մէկ մասը օտարալեզու է եւ գնահատելի է Հ. Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեանի ջանքը՝ օտարալեզու բնագիրներէն թարգմանել տալու, համադրելու եւ ներկայացնելու փաստաթուղթերը՝ իբրեւ հերթական վաւերական արժէքը մեր պատմութեան: Այս մէկը Մխիթարեան միաբանութեան հայագէտ անդամի առաջին գիրքը չէ։ Ան նախորդ տարիներուն նոյնպէս հայոց պատմութեան վերաբերեալ եզակի աշխատութիւններ հրատարակած է եւ անցեալ տարի, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով հայագիտութեան զարգացման եւ հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրած աւանդին համար պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով՝ սփիւռքահայ մտաւորական Արա Քեթիպեանի հետ: Անոնք համատեղ հրատարակած են հատորաշար մը՝ ամերիկեան մամուլի մէջ հայոց ցեղասպանութեան արձագանգներուն մասին:

Ֆերտինանտ Թահթաճեանի փաստաթուղթերու մասին գիրքէն կը ներկայացնենք քանի մը ուշագրաւ նամակ:

***

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼԻՍ

Ազնուաշուք
Տիար Ֆ. Թահթաճեան
Եւն. եւն. եւն.
Կ. Պոլիս,

8 Դեկտեմբեր 1920

Պրուսայի Առաջնորդական փոխանորդը գիր մ՚ուղղելով մեզ, կը յայտնէ թէ իր նախագահութեան ներքեւ կազմուած Հայաստանի կարօտելոց նուիրահաւաք մարմինը գործի ձեռնարկած եւ առ այժմ ձեռք բերած է 1000 ոսկի, ու այս գումարը չէքով մը ղրկելով մեզ, կը խնդրէ յանձնել Ձեր Ազնուութեան: Փոխանորդը կ՚աւելցնէ թէ երկրորդ մասն ալ պիտի ղրկուի գալ շաբթու:

Արդ, համաձայն այս խնդրանքին ներփակ կը ղրկենք Ձեզ նոյն 1000 ոսկւոյ չէքը ու կը խնդրենք հաղորդել մեզ նոյն գումարին գանձումը, իմացնելու համար յիշեալ փոխանորդին ի միամտութիւն:

Մնամք աղօթարար

Պատրիարք Հայոց
Զաւէն Արքեպիսկոպոս

*

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ԲԱՆԿ ԳԼԽԱՒՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Կոստանդնուպոլիս, 30 մարտի, 1921

Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ պարոն Ֆերդինանդ Թահթաճեանին
Թոքաթլեան հիւրանոց
Քաղաքացիական ծառայութիւն
Պարո՛ն դիւանագիտական ներկայացուցիչ.

Մենք պատիւ ունենք Ձեզ տեղեկացնելու, որ ըստ Փարիզեան մեր գործակալութեան՝ հեռագրով ստացուած ցուցումների՝ մենք պատրաստ ենք Ձեզ տրամադրելու «London County West and Parrs' Bank Ltd»ի միջոցով առաքուած եւ պարոն Քոչարեանին հասցէագրուած 25.000 ֆրանկ գումարը:

Այն կարող էք կանխիկացնել մեր դրամարկղերից մէկում՝ մեզ ուղարկելով յաւուր պատշաճի ստորագրուած անդորրագիրը, որից երկու օրինակ կցում ենք սոյն նամակին:

Թոյլ տուէք արտայայտել, պարո՛ն դիւանագիտական ներկայացուցիչ, մեր խորին ակնածանքը:

Օսմանեան կայսերական բանկ

*

ՄԱՐՄԻՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻԻՆ
ՊԱՀՃԷ ԳԱԲՈՒ, ՃԷԼԱԼ ՊԷՅ ԽԱՆ, ԹԻՒ 38 Թիւ 284

Կ. Պոլիս, 14 Ապրիլ 1921

Ազնուաշուք Տիար Ֆ. Թահթաճեան,
Հայաստանի Հանրապետութեան Պոլսոյ
Դիւանագիտական Ներկայացուցիչ
Աստ

Տէր,

Ստացած ենք ձեր 6 ապրիլ պաշտօնագիրը,

Հ.Օ.Մ.ը առաջադրած է ուժեղապէս օգնութեան հասնիլ մեր սովահար եղբայրներուն եւ առ այդ յառաջիկայ շաբաթէն սկսեալ գործադրութեան պիտի դնենք այն միջոցները, որոնք երկար եւ խղճամիտ աշխատութեան մը արդիւնքն են: Բայց որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովրդեան վստահութիւնը ապահովել, անհրաժեշտ է որ զայն իրազեկ պահենք այն նպատակներուն հետ, որոնց իրագործման համար գործածուած են իրենց տրամադրած գումարները:

Յանուն մեր տառապող հայրենակիցներու օգնութեան սրբազան գործին կը խնդրենք որ ձեր բարեացակամութեան նոր ապացոյցները տաք Հ.Օ.Մ.ի պատուիրակներուն՝ հասկացողութեան մը գալու. «Ճակատի համար» եւ «Ճակատը պողպատենք» անունով հաւաքուած եւ ձեր վարչութեան տրամադրութեան տակ դրուած գումարներու գործածութեան մասին:

Մեր պատուիրակներն են Տօքթ. Ալթունեան եւ Պ.Պ. Գալֆաեան եւ Փափազեան:

Խորին յարգանքներով Դիւան
Հ.Օ.Ս.ի Կեդրոնական Վարչութեան

*

Յարգելի Պր. Թահթաճեան
Հայաստանի Հանրապետութեան
Դիւանագիտական Ներկայացուցիչ
Կ. Պոլսոյ

Թերթիս՝ ճակատի համար հանգանակած գումարը Ձեր տրամադրութեան տակ ըլլալով, պիտի խնդրէինք որ նկատի առնէք այս նամակը:

Կը հաստատենք ըստ մեր արձանագրութեան նոյն ընկերութեան հայ պաշտօնէութեան կոչով Ճակատի ֆոնտին համար յանձնուած գումար երկու հարիւր եօթանասուն եւ վեց ու կէս ոսկի յայտարարած Ճակատամարտի թիւ 596-ի (1920 Նոյեմբեր 3-ի) մէջ:

Յարգանքներով՝

Վարչութենէն
Ասատուրեան
Ազատամարտ Օրաթերթի
17 մայիս, 1921

*

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ ՊՐՈՒՍԱ

ARCHEVECHE ARMENIAN BROUSSE

Պրուսա,
21 Դեկտեմբեր 1920
Դիւան
Թիւ 998

Վսեմաշուք
Պ. Թահթաճեան
Դիւանագիտական ներկայացուցիչ
Հայաստանի Հանրապետութեան
կառավարութեան
ի Կ. Պոլիս

Վսեմաշուք Տէր,

Կը հաստատենք մեր 1 Դեկտեմբեր եւ 967 թիւ նամակը, ներկայիս պիտի խնդրենք որ եթէ կարելի է Հայաստանի Բանակի օգնութեան համար Սրբազան պատրիարք հօր անուամբ գանձելի եւ իր միջոցաւ Ձեր Վսեմութեան յանձնելի 1000 ոսկիի չէքը ստացա՞ք, եթէ այո հաճէիք երկտողիւ մը մեզի իմացնել: Մնամ յարգանօք աղօթարար

Առաջնորդական Տեղապահ
Պրուսացի Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2024, 08:20