Ուքրանացի զինուոր Ուքրանացի զինուոր  (ANSA)

Ուքրանիան եւ Ռուսիան վերջին շուրջ կէս տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով գերիներ փոխանակած են

Վերջին անգամ Ուքրանիան եւ Ռուսիան պատերազմական գերիներ փոխանակած էին օգոստոս 2023-ին: Այդ ժամանակ 22 ուքրանացի զինուոր վերադարձած էր տուն, սակայն այդ ժամանակէն ի վեր գերիներու փոխանակում տեղի չէր ունեցած:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ուքրանական գերութենէն 248 ռուս զինուորներ վերադարձած են:

«Ռուս զինուորներու վերադարձը կարելի դարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մարդասիրական միջնորդութեան շնորհիւ», նշած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի իր կարգին յայտնած է 230 գերեվարուած ուքրանացի զինուորականներու վերադարձին մասին:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ռուսական ծառայութեան «Նասթոյաշէյէ վրեմիա» ծրագիրին հաղորդումով, ասիկա պատերազմող երկիրներու միջեւ առաջին նման մեծ թիւով պատերազմական գերիներու փոխանակումն է:

Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատային մէջ մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տմիթրի Լուպինեց նշելով, որ ասիկա գերիներու 49-րդ փոխանակումն է, յայտնած է, որ ընդհանուր առմամբ, ռուսական գերութենէն վերադարձած է 2828 ուքրանացի զինուոր:

Վերջին անգամ Ուքրանիան եւ Ռուսիան պատերազմական գերիներ փոխանակած էին օգոստոս 2023-ին: Այդ ժամանակ 22 ուքրանացի զինուոր վերադարձած էր տուն, սակայն այդ ժամանակէն ի վեր գերիներու փոխանակում տեղի չէր ունեցած:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2024, 08:00