2023.02.02 Società di soccorso Armena

ՀՕՄի գլխաւոր օրակարգը Արցախահայութեան օժանդակելու հիմնահարցն է

Հիմնուելով նաեւ ՀՕՄի 73րդ Համահայկական ժողովէն բխած արցախահայութեան վերաբերող բանաձեւերուն եւ ի մտի ունենալով արցախահայութիւնը իր հայրենի հողերուն վրայ պահելու ազգային հրամայականը՝ Կեդրոնական վարչութիւնը միաձայնութեամբ որոշեց որդեգրել Հայաստանի գիւղերուն մէջ արցախահայ ընտանիքներու բնակարաններ ապահովելու «Յոյսի օճախներ» խորագրեալ խիստ օգտաշատ ծրագիրը:

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը 9էն 13 Յունուար 2024ին, Պոսթընի իր գրասենեակին մէջ գումարեց իր 3րդ լիագումար նիստը, որուն ընթացքին լայնօրէն արծարծուեցան միութեան քարոզչական եւ կազմակերպչական գործելաձեւին վերաբերող հարցեր, վերարժեւորման ենթարկուեցան համահայկական՝ հայրենիքի եւ Սփիւռքի ներկայ եւ ապագայ ծրագիրները:

Մնայուն կերպով Կեդրոնական վարչութեան հոգատարութեան կիզակէտը հանդիսացող բռնի տեղահանուած Արցախի հայութեան օժանդակութեան ծրագիրները այս ժողովին եւս կազմեցին օրակարգի առաջնահերթ ու հիմնական բաժինները:

Հիմնուելով նաեւ ՀՕՄի 73րդ Համահայկական ժողովէն բխած արցախահայութեան վերաբերող բանաձեւերուն եւ ի մտի ունենալով արցախահայութիւնը իր հայրենի հողերուն վրայ պահելու ազգային հրամայականը՝ Կեդրոնական վարչութիւնը միաձայնութեամբ որոշեց որդեգրել Հայաստանի գիւղերուն մէջ արցախահայ ընտանիքներու բնակարաններ ապահովելու «Յոյսի օճախներ» խորագրեալ խիստ օգտաշատ ծրագիրը:

Որոշում տրուեցաւ նաեւ սատարել եւ նիւթապէս հովանաւորելու ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնած, Արցախցի երիտասարդութեան համար աշխատանքի եւ մասնագիտանալու նոր դաշտեր բանալ միտող «Վերելք» ծրագիրի երկրորդ փուլը:

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը լիագումար նիստինի ընթացքին առիթը ունեցաւ հանդիպելու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մկրտիչ Մկրտիչեանի եւ Խաժակ Մկրտիչեանի հետ՝ ներկայութեամբ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՕՄի կապ Րաֆֆի Տօնապետեանի:

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը իր գործնական քննարկումներով եւ որոշումներով՝ ՀՕՄի մեծ ընտանիքի միաւորներուն աշխուժ գործունէութեան վրայ իր ամբողջական վստահութիւնը ամրապնդելով՝ վերահաստատեց իր ապագայ քառամեայ գործունէութեան ուղեգիծը։

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2024, 08:50