Ճափոնը հարուածած հարիւրաւոր երկրաշարժներու զոհերուն թիւը կը բարձրանայ
Կեդրոնական Ճափոնի տարբեր շրջաններ հարուածած ուժգին երկրաշարժներու զոհերուն թիւը բարձրացած է 48-ի: Այս մասին երէկ հաղորդեցին տեղական իշխանութիւնները:
Իշիքաուա շրջանի կառավարութիւնը յայտնեց, որ զոհերուն կէսը արձանագրուած է ծովեզերեայ Ուաճիմա քաղաքին մէջ, ուր ծագած է մեծ հրդեհ մը, որ շարք մը տուներ հրկիզած է:
Փրկարար խումբերը կը պայքարին հասնելու համար երկրաշարժէն մեծապէս վնասուած շրջաններ:
Երկրաշարժը տեղի ունեցած էր երկուշաբթի, 1 յունուարի յետմիջօրէին: 7,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժը ծովեզերեայ շրջաններու բնակիչները ծովաշարժէն նախազգուշանալով մղեց ապաստանելու բարձր տարածքներու մէջ: Արեւմտեան Ճափոնի ծովեզերքին վրայ ծովաշարժէն յառաջացած ալիքները կարգ մը ինքնաշարժներ եւ տուներ դէպի ովկիանոս քշեցին:
Ճափոնի երկրաբանական ծառայութիւնը երէկ հաղորդեց, որ երկուշաբթի օր տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք 155 երկրաշարժներ հարուածած են երկիրը, եւ զգուշացուց, որ յառաջիկայ օրերուն կրնան յաւելեալ ուժգին երկրաշարժներ արձանագրուիլ:
Միւս կողմէ, երէկ Թոքիոյի օդակայանին մէջ ճափոնական օդանաւային ընկերութեան ճամբորդատար օդանաւը բախեցաւ Ճափոնի առափնեայ պահպանութեան ծառայութեան օդանաւին, որ կը պատրաստուէր մեկնիլ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն վնասուած շրջաններ` առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ հասցնելու համար:
Երկու օդանաւերը հրկիզուած են, սակայն մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ