Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւն Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւն 

Եւրոպական Միութեան խորհուրդը պիտի ընդլայնէ Հայաստանի մէջ իր քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը

17 Յունուարին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը իր 1500րդ պարէկութիւնը կատարեց Ատրպէյճանի հետ սահմանին մօտ գտնուող շրջաններուն մէջ։

Եւրոպական Միութեան խորհուրդը որոշում տուաւ ընդարձակելու Հայաստանի մէջ իր քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը:

Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին «Էքս»ի իր էջին վրայ յայտարարութիւն մը հրապարակած է Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի մէջ քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը ընդլայնելու Եւրոպական Միութեան խորհուրդի որոշումը: Առաքելութեան անձնակազմը աւելցնելը կ՛ընդգծէ Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան հաստատման», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։

Եւրոպական Միութեան կայքին վրայ հրապարակուած որոշման մէջ կը նշուի, որ  23 Յունուարէն 2023էն մինչեւ 19 Փետրուար  2025 երկարած ժամանակաշրջանին մէջ առաքելութեան  ծախսերը հոգալու համար նախատեսուած հիմնական ֆինանսական գումարը 39 միլիոն 35 հազար եուրօ է:

Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 2023ին, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել յայտարարած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի մէջ իր քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան թիւը 138էն պիտի հասցնէ 209ի:

Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ 17 Յունուարին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը իր 1500րդ պարէկութիւնը կատարեց Ատրպէյճանի հետ սահմանին մօտ գտնուող շրջաններուն մէջ։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2024, 07:38