Ունատայի մէջ Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարան Ունատայի մէջ Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարան 

Ռուանտայի ցեղասպանութեան թանգարանէն վերցուած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթերը

Կիյոմ Փերիէ կը նշէ, թէ Ռուանտայի իշխանութիւնները այս քայլին դիմած են թրքական ճնշումներու տակ։

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ռուանտայի մայրաքաղաք Քիկալիի մէջ գտնուող եւ թուցիներու ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանէն «անհետացած են» Հայոց Ցեղասպանութեան յղում կատարող բոլոր նշումները։ Լուրը կը հաղորդէ «Լը Փուէն» շաբաթաթերթը, իսկ գրութեան հեղինակն է հայերուն յայտնի, անխոնջ, անաչառ լրագրող Կիյոմ Փերիէ, որ Թուրքիոյ վերաբերող նիւթերու մասնագէտ է եւ կը հանդիսանայ այդ երկրին մէջ երկար տարիներ ֆրանսական մամուլի զանազան անուններու թղթակիցը։ Ան, առանց վարանելու կը նշէ, թէ Ռուանտայի իշխանութիւնները այս քայլին դիմած են թրքական ճնշումներու տակ։

Թրքական մամուլին մօտէն հետեւողներս կրնանք հաստատել, թէ ճի՛շդ է՝ որոշ ժամանակէ ի վեր, յատկապէս Ռուանտայի իշխանամէտ մամուլին մէջ, յաճախ գովքը կը հիւսուի Թուրքիոյ մերօրեայ դիւանագիտութեան ափրիկեան ծալքերուն, այն շեշտադրութեամբ, որ այդ ցամաքամասին վրայ պատմականօրէն իշխած արեւմտեան պետութիւնները (խօսքը յատկապէս ուղղելով Ֆրանսային, որ Անգարայի կողմէ կը համարուի թշնամական կեցուածքի տէր պետութիւն մը… ծանօթ պատճառներով) «մէկ-մէկ կը վռնտուին» այնտեղէն, իրենց տեղը զիջելով «մեծ եղբայր Թուրքիոյ»։ Այս եւ նման բաներ կարդալով՝ կը մտածէինք, թէ իշխանութեան ընտրողներուն ուղղուած քարոզչութեան սահմանը չեն անցնիր այս յայտարարութիւնները։ Մինչդեռ հիմա ականատեսը կ՛ըլլանք հակառակ փաստին։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2024, 08:55