2024.02.27.  36 anniversario dei pogrom degli armeni di Sumgait

36 Տարի Առաջ. Սումկայիթի Հայերու Կոտորածը

Սումկայիթի պատկան իշխանութիւնները քաղաքի հայերու բնակարաններուն ցուցակներ կազմած, ջարդեր կազմակերպողներ հաւաքագրած, անոնց անվճար թմրեցուցիչ ու ոգելից ըմպելիներ, ինչպէս նաեւ մետաղեայ ձողեր, կացիններ ու մուրճեր տրամադրած էին: Միւս կողմէ, հայերու բնակարաններէն հեռաձայնային կապերը անջատուած էին:

Արցախեան շարժման սկսելէն քանի մը օր ետք` 26 փետրուար 1988¬ին Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի համայնավար կուսակցութեան քաղաքային կոմիտէին կազմակերպած հանրահաւաքը, զոր կը վարէր կոմիտէի երկրորդ քարտուղար Մելիք Պայրամովա, հակահայ կարգախօսներու ներքեւ ընթացած հանրահաւաքը շարունակուեցաւ նաեւ յաջորդ օրը:

Անոր ընթացքին ելոյթ ունեցողները կոչ կ՛ուղղէին` պատժելու հայերը, սպաննելու ու վտարելու զանոնք Սումկայիթէն եւ առհասարակ Ազրպէյճանէն: Իւրաքանչիւր խօսքէ ետք կը հնչէր «Մահ հայերուն» կոչը:

Հակահայ կիրքերը բորբոքելու նպատակով Կապանէն եկած գաղթականներու անուան տակ սկսան գործել յատուկ պատրաստուած սադրիչներ, որոնք ստայօդ լուրեր սկսան տարածել իբր թէ Հայաստանի մէջ ազրպէյճանցիներու դէմ տեղի ունեցած զանգուածային յանցագործութիւններու մասին:

Սումկայիթի Ապշերոնեան թերակղզիին հիւսիսային կողմը, Կասպից ծովու ափին, Պաքուէն 30 քիլոմեթր հիւսիս, ունէր 224 հազար բնակչութիւն, որուն շուրջ 18 հազարը հայեր էին:

Սումկայիթի պատկան իշխանութիւնները քաղաքի հայերու բնակարաններուն ցուցակներ կազմած, ջարդեր կազմակերպողներ հաւաքագրած, անոնց անվճար թմրեցուցիչ ու ոգելից ըմպելիներ, ինչպէս նաեւ մետաղեայ ձողեր, կացիններ ու մուրճեր տրամադրած էին: Միւս կողմէ, հայերու բնակարաններէն հեռաձայնային կապերը անջատուած էին: Պայմանական եւ ազդանշանային համակարգեր գործի դրուած էին հայերու տեղերը բացայայտելու համար: Քաղաքային, ներքին գործոց նախարարութեան եւ շտապ օգնութեան ծառայութիւնները քաշուեցան հրապարակէն:Հայերու դէմ ջարդերը սկսան փետրուար 27-ի երեկոյեան եւ յաջորդ օր լայն ծաւալ ստացան:

Ջարդարարները, քանի մը տասնեակ հոգիէ բաղկացած խումբերու բաժնուած, ներխուժեցին նախապէս նշանառուած հայկական բնակարանները: Մարդիկ կը սպաննուէին իրենց տուներուն մէջ, կամ զանոնք դուրս` փողոց կամ բակ կը հանէին եւ հրապարակային ծաղր ու ծանակի ենթարկելէ իսկ կիներն ու աղջիկները բռնաբարելէ ետք կը սպաննէին:

Փետրուար 28-ի երեկոյեան բանակային ստորաբաժանումներ մտան Սումկայիթ, սակայն անոնք քաղաքը աստիճանաբար իրենց հսկողութեան տակ առին, քանի որ ուժ եւ զէնք գործադրելու հրաման չէին ստացած:

Հայերու սպանութիւնները կը շարունակուէին: Զօրքերու անտարբերութեան պատճառով ամբոխը յարձակեցաւ զինուորներուն վրայ, եւ 270 զինուորական տուժեց: Միայն փետրուար 29-ի երեկոյեան բանակային ստորաբաժանումները վճռական գործողութիւններու դիմեցին եւ կասեցուցին հայերու դէմ ջարդերուն շարունակութիւնը:

Խորհրդային պաշտօնական տուեալներու համաձայն, սպաննուեցան քսանվեց հայեր, հարիւրաւորներ ալ վիրաւոր եւ հաշմանդամ դարձան, շատեր ալ անյայտ կորսուեցան: Սակայն գոյութիւն ունին բազմաթիւ տուեալներ, որոնք կ՛ապացուցեն որ զոհերուն թիւը անհամեմատ աւելի մեծ էր: Անպաշտօն տուեալներ հարիւրաւոր սպաննուածներու մասին վկայած են, ներառեալ անոնք, որոնք ողջ-ողջ հրկիզուած են. հազարաւորներ վիրաւորուած են, եւ հարիւրաւորներ`բռնաբարուած: Քաղաքին բոլոր հայերը տեղահան եղան:

Խորհրդային Միութեան դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցեց Սումկայիթի դէպքերուն առիթով: Դատական պատասխանատուութեան ենթարկուեցաւ 94 հայեր Մեղադրեալներէն մէկը միայն մահուան դատապարտուեցաւ, սակայն յայտնի չէ, թէ արդեօք դատավճիռը գործադրուեցա՞ւ: Ջարդարարներու մեծ մասը կարճ ժամկէտով բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, բայց շուտով ազատ արձակուեցաւ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2024, 08:30