Անգլիոյ եկեղեցիէն կոչ Իսրայէլին. Անյապաղ դադրեցնել կրակը՝ Կազայի մէջ
Անգլիոյ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը կոչ կ՚ընէ Իսրայէլին ենթարկուելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրամանին եւ ապահովելու պաղեստինցիներու համար սնունդի, ջուրի, առողջապահական խնամքի եւ անվտանգութեան հասանելիութիւնը:
Օրերս Անգլիոյ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները կոչ ըրած են անյապաղ հրադադար հաստատելու Կազայի հատուածին մէջ, յատկապէս Ռաֆահի վրայ իսրայէլեան ցամաքային յարձակումը սկսելուն պէս, յայտնած է բրիտանական The Guardian թերթը:
Եպիսկոպոսներու յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Կազայի շարունակական ռմբակոծումը կը յանգեցնէ քաղաքացիական անձանց կեանքի ծանր գինի եւ կ՚ոչնչացնեն ենթակառուցուածքները: Հետեւաբար, այս պատերազմը չի կրնար բարոյապէս արդարացուած ըլլալ եւ պէտք է դադրեցուի»:
Յայտարարութեան մէջ անոնք կը յորդորեն Իսրայէլը հետեւելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրամանին եւ ապահովելու պաղեստինցիներու համար սնունդի, ջուրի, առողջապահական խնամքի եւ անվտանգութեան հասանելիութիւնը, ինչէն անոնք երկար ժամանակ զրկուած եղած են, ողջունելով Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարի կողմէ եղած կոչը՝ բռնութիւնը անյապաղ դադրեցնելու համար:
Եպիսկոպոսներու յայտարարութիւնը կոչ կ՚ընէ ազատ արձակելու Կազայի հատուածին մէջ մնացած բանտարկեալները եւ գտնելու բռնագրաւուած Պաղեստինի մէջ հակամարտութեան արդարացի լուծում, ընդգծելով, որ Կազայի դէմ պատերազմը պիտի ամրացնէ բռնատիրական ռեժիմը, որ զրկած է պաղեստինցիները իրենց իրաւունքներէն եւ ազատութիւններէն՝ երկար ժամանակ։
Անցեալ 7 հոկտեմբերէն սկսեալ Իսրայէլ պատասխանելով «Համաս»ի կողմէ եղած դատապարտելի գրոհին ընթացք տուաւ արիւնալի պատերազմի, թիրախաւորելով նաեւ քրիստոնէական եկեղեցիներն ու պաշտամունքի վայրերը եւ ջարդեր իրականացնելով Կազայի հատուածին մէջ։
Թիրախ դարձաւ նաեւ Անգլիական եկեղեցւոյ նեցուկով գործող «Մկրտչական հիւանդանոց»ը եւ անոր յարող եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Փորֆիրիոս յոյն ուղղափառ եկեղեցին, ուր զոհուեցան քրիստոնեայ արաբներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ