2024.02.24 ARAM I riceve gruppo cooperazione cristiana medio oriente

Միջ-քրիստոնէական գործակցութեան համախումբը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մօտ

Ընդհանուր գիծերով անդրադառնալէ ետք եկեղեցւոյ միութեան եւ այս ուղղութեամբ կատարուած նախաձեռնութիւններուն, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական միութիւնը գործնապէս թարգմանելու կարեւորութիւնը եւ կարելիութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատկերացումը փոխանցեց իրեն այցելած միջ-քրիստոնէական գործակցութիւն ստեղծելու կոչուած համախմբումին: Այս վերջինը եկած էր ունենալու Նորին Սրբութեան տեսակէտը քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ զանազան մարզերէն ներս միացեալ աշխատանքի նախաձեռնելու գծով: Հիւրերը նախ ներկայացուցին ցարդ կատարած իրենց աշխատանքին արդիւնքը՝ կրթական, ընկերային, երիտասարդական, երկրագործական ու տեղեկատուական մարզերէն ներս:

Լսելէ ետք ներկաներուն կատարուած աշխատանքը եւ իմանալէ ետք անոնց մօտեցումները, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հրամայական անհրաժեշտութիւնը ներքին գործակցութեան ճամբով քրիստոնէական միութիւնը ամրապնդելու: Ան ըսաւ, թէ միութիւնը տեսութիւն չէ, այլ կեանքի իրականութիւն է, որ ինքզինք պէտք է արտայայտէ գործնական միջոցներով: Ընդհանուր գիծերով անդրադառնալէ ետք եկեղեցւոյ միութեան եւ այս ուղղութեամբ կատարուած նախաձեռնութիւններուն, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական միութիւնը գործնապէս թարգմանելու կարեւորութիւնը եւ կարելիութիւնը: Հայրապետը այս ուղղութեամբ կարգ մը շօշափելի պարագաներ պարզեց՝ յիշելով յատկապէս երիտասարդական բնագաւառէն ներս միջ-քրիստոնէական գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Այս առիթով ան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն եւ յայտնեց, որ մեր եկեղեցին ու եկեղեցւոյ առնչուած կառոյցները պատրաստ են միջ-քրիստոնէական գործակցութեան, որ պէտք է դառնայ հիմքը քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2024, 12:29