Ազրպէյճան կը պղծէ Արցախի մէջ հայերու գերեզմաններն ու եկեղեցիները Ազրպէյճան կը պղծէ Արցախի մէջ հայերու գերեզմաններն ու եկեղեցիները 

Բալայեան. «Ազրպէյճան կը պղծէ հայկական գերեզմանները Արցախի մէջ»

Բալայեան յայտնած է, որ վանտալիզմի պատճառով աւերուած է նաեւ իր հայրենի գիւղի եկեղեցին: Ազրպէյճան հանած է նաեւ հայկական խորհրդանիշները աւելի մեծ շէնքերէն: «Արցախի բոլոր հայկական եկեղեցիներէն բոլոր խաչերը հանուած են բռնագրաւող զինուորներուն կողմէ», ըսած է ան:

Ազրպէյճան կը պղծէ Արցախի մէջ հայերու գերեզմանները եւ սկսած է ոչնչացնել շրջանի նախկին հայ բնակչութեան պատկանող կրօնական յուշարձանները: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այդ մասին «Պրասըլզ սիկնըլ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Տիգրան Բալայեան` աւելցնելով, որ հայկական կողմը ունի բազմաթիւ տեսանիւթեր եւ լուսանկարչական ապացոյցներ, թէ ինչպէս ազրպէյճանցիները կ՛աւերեն հայկական գիւղերու գերեզմանատուներն ու եկեղեցիները:

Բալայեան յայտնած է, որ վանտալիզմի պատճառով աւերուած է նաեւ իր հայրենի գիւղի եկեղեցին: Ազրպէյճան հանած է նաեւ հայկական խորհրդանիշները աւելի մեծ շէնքերէն: «Արցախի բոլոր հայկական եկեղեցիներէն բոլոր խաչերը հանուած են բռնագրաւող զինուորներուն կողմէ», ըսած է ան:

Պելճիքական լրատուամիջոցը նշած է, որ Բալայեանի պնդումները կտրուկ կը հակադրուին վերջին շաբաթներուն ընթացքին Ազրպէյճանի պաշտօնեաներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, եւ աւելցուցած է, որ կովկասեան երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը կրկին աճեցաւ, երբ սահմանին վրայ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով սպաննուեցան չորս հայ զինուորներ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2024, 09:04