Պորել. «Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ օգնելու համար զինուորական հիմնադրամ պիտի ստեղծէ»
Եւրոպական Միութիւնը կը նախատեսէ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի ծիրին մէջ Ուքրանիոյ օգնելու համար զինուորական հիմնադրամ ստեղծել: «Քորրեսփոնտենթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումէն ետք յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել:
«Այսօր բովանդակային քննարկում եղած է Ուքրանիոյ զինուորական օգնութեան մասին, քննարկած ենք կացութիւնը մարտադաշտին վրայ, զինուորական մատակարարումներու առնչուած իրավիճակը, Ուքրանիոյ աջակցութեան հիմնադրամի ստեղծումը, որուն շուրջ յոյսով եմ յառաջիկայ օրերուն համաձայնութիւն պիտի գոյանայ` Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի ծիրին մէջ», ըսած է ան:
Պորել աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը յստակ դիրքորոշում կը պահպանէ Ուքրանիոյ աջակցելու հարցին մէջ:
«Ուքրանիան հետզհետէ աւելի արագ աջակցութեան կարիք ունի: Այդ օգնութիւնը պէտք է հասնի հիմա: Ուքրանիոյ յաղթանակը կարեւոր է ոչ միայն Ուքրանիոյ, այլ նաեւ Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար», ընդգծած է ան:
Ուքրանիոյ զինուորական աջակցութեան հիմնադրամի ստեղծման նախաձեռնողը Պորելն է: Ան Եւրոպական Միութեան առաջարկած է ստեղծել զայն արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի ծիրին մէջ` 20 միլիառ եւրօ ծաւալով յառաջիկայ չորս տարիներու ընթացքին: Այս հիմնադրամէն գումարները պիտի ծախսուին Ուքրանիոյ սպառազինութիւն ձեռք բերելու եւ մատակարարելու, ինչպէս նաեւ եւրոպական պաշտպանական արդիւնաբերութեան հզօրացման համար:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ