Հայ-Ամերիկեան թանգարանի գերաններու ստորագրութեան արարողութիւն
Երեքշաբթի, 13 Փետրուարի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի մէջ կառուցուող Հայ-ամերիկեան թանգարանի գերաններու ստորագրութեան արարողութիւնը, որուն բացումը կատարեց թանգարանի հաղորդակցութիւններու վարիչ Արսինէ Թորոսեան։
Թանգարանի հոգաբարձական կազմի համաատենապետներ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի ներկայացուցիչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան այս առիթով ելոյթներ ունեցան՝ դրուատելով տարուող աշխատանքը եւ յոյժ կարեւոր նկատելով այսպիսի կեդրոնի մը կառուցումը։
Ներկայ էին նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Տէնիըլ Պրոթմըն եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ՝ Փօլա Տիվայն, Արտի Քասախեան, Էլեն Ասատրեան եւ քաղաքի վարիչ Ռուբիկ Գոլանեան։
Թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան կարեւոր շրջադարձ մը նկատեց գերաններուն բարձրացումը եւ օրուան արարողութիւնը, որոնք կարելի դարձան համայնքին եւ հովանաւորներուն աջակցութեամբ։
Իր կարգին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ յայտնեց, թէ նահանգային իշխանութիւնները հպարտութեամբ նեցուկ կը կանգնին այս նախաձեռնութեան։
Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:
Թանգարանի ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ