Կազայի աւէրները Կազայի աւէրները 

Մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակը. Կազայի մէջ արգելափակուած են աւելի քան 600.000 երեխաներ

ՄԱԿ-ի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակը հրապարակելով յայտարարութիւնը մը տեղեկացուց, որ Կազայի մէջ մանուկներու միջեւ զոհերու թիւը գերազանցած է 12400՝

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այն բանէն յետոյ, երբ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը չ՝ընդունեց Կազայի մէջ հրադադարի բանաձեւը, աւելի քան մէկ միլիոն մանուկները վտանգի տակ կը գտնուին՝ սովի, հակամարտութեան, հիւանդութիւններուն պատճառով, ինչպէս նաեւ ամիսներ շարունակ պատերազմի հետեւանքով յառաջացած հոգեկան անհանգստութիւնէն։ Լուրը հաղորդեց Մանուկներուն պաշտպանութեան գրասենեակը, որ աւելի քան 100 տարիներէ ի վեր կը պայքարի, վտանգի տակ գտնուող մանուկները փրկելու ու անոնց ապագան երաշխաւորելու համար։

ՄԱԿ-ի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակը հրապարակելով յայտարարութիւնը մը տեղեկացուց, որ Կազայի մէջ մանուկներու միջեւ զոհերու թիւը գերազանցած է 12400՝ ըստ Կազային առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն եւ առնուազն 36-ի՝ ըստ ՄԱԿ-ին, ինչպէս նաեւ երբ Իսրայէլի պետութիւնը Ռաֆահի դէմ յարձակում կատարեց , այն վերջին վայրը, որ Կազայի քաղաքացիներու կողմէ համարուած է խաղաղ վերջին վայրը։

Աւելի քան 1,3 միլիոն Պաղեստինցի քաղաքացիներ, որոնց շարքին աւելի քան 600000 երեխաներ, այժմ արգելափակուած են այնտեղ՝ փախչելու այլ տեղ չ՝ունենալով՝ հետեւելով Իսրայէլի կողմէ տրուած տարհանման հրամաններուն, որոնք ուղղորդած են այլ տարածք՝ կեղծ նախադրեալներով որ անվտանգ վայր է։ «Կազայի մէջ ոչ մէտ տեղ անվտանգ չէ ընդգծած է», Save the Children-ը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2024, 09:58