Արցախի եւ Ատրպէճանի սահմանագիծ Արցախի եւ Ատրպէճանի սահմանագիծ 

ֆրանսական մամուլը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի բռնապետութիւնը

Figaro Magazine-ի մէջ Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոն կ՛ուրուագծէ «Պաքուի բռնակալ»ի դիմանկարը, որ 2003էն՝ իր հօր՝ Հայտարին յաջորդելէն ի վեր, կը տիրէ Ատրպէյճանի մէջ։ Պուիսոն կը դատապարտէ անոր «հետզհետէ աւելի կատաղի» հակահայ խօսոյթը, որ «ցեղասպանական նոր գործողութիւններու» մտավախութիւն կը յառաջացնէ։

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ատրպէյճանի նախագահական «ընտրութեան» առիթով,  որ մեծ հաւանականութեամբ նախագահ Ալիեւին իշխելու 7 տարի առիթ պիտի ընծայէ, ֆրանսական մամուլը լուսարձակի տակ առաւ այդ երկրին մէջ մարդկային իրաւանց ոտնահարումներուն եւ Հայաստանի նկատմամբ սաստկացող սպառնալիքներուն։

Figaro Magazine-ի մէջ Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոն կ՛ուրուագծէ «Պաքուի բռնակալ»ի դիմանկարը, որ 2003էն՝ իր հօր՝ Հայտարին յաջորդելէն ի վեր, կը տիրէ Ատրպէյճանի մէջ։ Պուիսոն կը դատապարտէ անոր «հետզհետէ աւելի կատաղի» հակահայ խօսոյթը, որ «ցեղասպանական նոր գործողութիւններու» մտավախութիւն կը յառաջացնէ։

France Inter-ը կը սփռէ Forbidden Stories-ի համակարգած միջազգային հետաքննութիւնը, որուն մէջ կը բացայայտուի մութ գործունէութիւնը ոսկիի հանքի մը, որ կը շահագործուի Ալիեւ ընտանիքին հետ կապ ունեցող ընկերութեան մը կողմէ: Զեկոյցը նաեւ կը դատապարտէ քաղաքական բանտարկեալներու եւ վարչակարգը քննադատող լրագրողներու նկատմամբ կիրարկուող խոշտանգման դէպքերը։

France 24-ի Երեւանի թղթակից Թալին Ունճեան կը բացատրէ, թէ ի՛նչ կը փոխուի Հայաստանի համար 1 Փետրուարէն սկսեալ, Պատժական միջազգային ատեանին անդամակցութեամբ։ Լրագրողուհին կ՛ընդգծէ, որ Հայաստան այդպիսով յոյս ունի «լրացուցիչ պաշտպանութիւն ունենալու իր ատրպէյճանցի դրացիին դէմ», որ կը մերժէ ճանչնալ այդ ատեանին իրաւասութիւնը։

Le Point-ի մէջ, Կիյոմ Փերիէ կ՛անդրադառնայ «Ֆրանսան ապակայունացնելու»՝ Ատրպէյճանի ռազմավարութեան, որ Փարիզը կը մեղադրէ գաղութատիրութեամբ եւ յօգուտ Հայաստանի կողմնակալութեամբ: Փերիէ կը յիշեցնէ, որ Ալիեւ անցեալին եւս օգտագործած է այս հռետորաբանութիւնը, յատկապէս 2020ի Արցախի պատերազմին ընթացքին։

Այս յօդուածները ցոյց կու տան ֆրանսական մամուլին զգօնութիւնը՝ քարիւղով հարուստ, բայց ժողովրդավարութեամբ աղքատ Ատրպէյճանի մէջ տիրող իրավիճակին նկատմամբ, երկիր մը՝ որ կը ձգտի տարածաշրջանին մէջ ընդարձակել իր ազդեցութիւնը՝ ի վնաս Հայաստանի եւ անոր դաշնակիցներուն։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2024, 08:24