Բնութիւն եւ պատերազմներ
Պատերազմ՝ ոչնչացում կը նշանակէ։ Պատերազմը կ՚աղքատացնէ երկիրները եւ կը վնասէ աշխարհը՝ կլոպալ ծաւալով։ Պատերազմները կը յանգեցնեն հասարակութիւններու, պետութիւններու փլուզման, ենթակառուցուածքներուն կը հասցնէ զգալի վնաս եւ կը ստեղծէ անապահովութիւն եւ պատճառ կը դառնայ տնտեսական տագնապներու։
Պատերազմը պատերազմ է՝ անկախ գոյնէն, կրօնէն, ազգութենէն, սեռէն եւ այլն։ Պատերազմները միայն մարդկային կորուստներու պատճառ չեն։ Պատերազմներու պատճառած վնասին կ՚աւելնան նաեւ անհետանալու վտանգին դէմ յանդիման անասուններ, աւերուած անտառներու եւ անբերրի հողերու պատճառով յառաջացած հումքի կորուստներ… Շրջակայ միջավայրի նման «արժեզրկումը» կը յառաջացնէ նաեւ կլիմայի փոփոխութիւն եւ բազում մարդիկ այս պատճառով կը ստիպուին դառնալ փախստականներ:
Աշխարհի բնակիչ իւրաքանչիւր արարածի հասարակաց բնակավայրն է բնութիւնը։ Հակառակ բանականութեամբ օժտուած ըլլալուն՝ ալարկոտ, որկրամոլ ու ագահ բնաւորութեամբ մարդկութիւնը դարեր շարունակ իր հանգստութեան ու քմահաճոյքին համար գորշացուցած է բնութեան հարուստ երանգապնակի գոյները եւ արագօրէն ընթացած է դէպի կործանում։ Աչքը ծակ մարդը իր թէ՛ առօրեան դիւրացնելու եւ թէ ժամանակ խնայելու նպատակով կեղեքած ու լափած է բնութեան հրաշագեղ գոյները ու անտարբեր մնացած է անոր ահազանգին։
Մարդ ինչո՞ւ կը կտրէ այն ճիւղը, որու վրայ նստած է։ Այս հարցումը, անկասկած, կը զբաղեցնէ շատերու միտքը։ Մարդ ինչո՞ւ կ՚ոչնչացնէ իր կեանքի ակունքը հանդիսացող բնութեան պաշարները, ի՞նչ մտայնութեամբ… Իր իսկ շնչած օդի ապականման, խմած ջուրի կեղտոտման մեղաւորը կը հանդիսանայ մարդկութիւնը եւ բնութեան վրայ իր ազդեցութիւնը պատճառ դարձած է բնական համակարգերու անդառնալի փոփոխութեան։ Կանաչապատ տարածքներ, անտառներ վերածուած են անապատի։ Մարդաշէն գործարաններու, աթոմակայաններու տարրալուծական թափօնները շրջակայ միջավայրերը կ՚ապականեն եւ զանգուածաբար կ՚ոչնչանան բոյսեր, կենդանիներ, նոյնիսկ՝ մարդիկ։ Գետակներ կը հոսին թունաւոր ջուրերով, ծովափներ, ովկիանոսներ լի են կերպընկալէ թափօններով…
Ներկայիս շրջակայ միջավայրի վրայ արդի զէնքի երկարաժամկէտ բացասական ազդեցութիւնը ստիպած է մարդիկ պայքարիլ շրջակայ միջավայրի ոչնչացման դէմ, ինչ որ տեղի ունեցած է մօտաւոր անցեալի պատերազմներէ յետոյ: Ռմբակոծութիւններու, այրած անտառներու, անբերրի հողերու, շողագործօն ապականութեան, աղտոտած մակերեւութային եւ ստորգետնեայ ջրային ակունքներու պատճառով անօգուտ, անպիտան դարձած ենթակառուցուածքները յետպատերազմեան շրջաններուն յառաջացուցած են մարդկային կորուստներ եւ մեծ արտագաղթ: Մարդոց զանգուածային գաղթը կարգ մը պարագաներու կը յառաջացնեն նաեւ հակամարտութիւններ կամ անկայունութիւն տուեալ երկրի կամ տարածաշրջանի մէջ։
Ակունքներու անխնայայ շահագործումէն ստացուած շահոյթը, որ յաճախ անօրինական կերպով կ՚ապահովուի պատերազմական գօտիներու մէջ, պատճառ դարձած է նաեւ բռնապետներու հարստացման, իսկ այլ խումբերուն՝ առատ զէնք ձեռք բերել: Բայց բազում ժողովուրդներու համար այս հակամարտութիւնները յանգեցուցած են մարդու իրաւունքներու խախտումներու, մարդասիրական աղէտներու եւ շրջակայ միջավայրի ոչնչացման։
Պիանքա Սարըասլան
«Ժամանակ»/Պոլիս
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ