Իսրայէլ մինչեւ 10 Մարտ պայմանաժամ ճշդած է Ռաֆահի վրայ յարձակումին համար
Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց յայտնեց, որ եթէ Կազայի մէջ պահուող իսրայէլացի գերիները յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին ազատ չարձակուին, Իսրայէլ պիտի ընդլայնէ հարաւային Կազայի դէմ յարձակումը եւ մուտք գործէ Եգիպտոսի սահմանին վրայ գտնուող Ռաֆահ քաղաքը:
«Աշխարհը պէտք է իմանայ, եւ Համասի ղեկավարները պէտք է իմանան, որ եթէ մինչեւ Ռամատան գերիները տուն չեն վերադարձած, կռիւը պիտի շարունակուի ամէնուր, ներառեալ Ռաֆահի շրջանին մէջ», ըսաւ Կանց:
Նշենք, որ իսլամներու համար սրբազան Ռամատանի ամիսը այս տարի կը սկսի 10 մարտին:
«Ատիկա պիտի ընենք համակարգուած ձեւով, մեր ամերիկացի եւ եգիպտացի գործընկերներուն հետ երկխօսութեան ճամբով երկխօսութիւնը շարունակելով` քաղաքային կորուստները նուազեցնելու համար», Երուսաղէմի մէջ Ամերիկայի հրէական կազմակերպութիւններու նախագահներու խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ Կանց:
«Անոնց, որոնք կ՛ըսեն, թէ (յարձակումի մը) գինը շատ բարձր է, շատ յստակ կերպով կ՛ըսեմ` Համաս ընտրանք մը ունի. անոնք կրնան անձնատուր ըլլալ, ազատ արձակել պատանդները եւ Կազայի քաղաքացիները կարող պիտի ըլլան Ռամատանի սրբազան ամիսը տօնել», յայտնեց ան:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն զգուշացուցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, թէ զինուորական ներխուժումը «պէտք չէ կատարուի առանց հաւաստի եւ գործադրելի ծրագիրի մը` երաշխաւորելու համար անվտանգութիւնն ու աջակցութիւնը» Ռաֆահի քաղաքային բնակչութեան: Իսրայէլի բազմաթիւ արեւմտեան դաշնակիցներ եւս նոյնպիսի զգուշացումներ կատարած են:
Նեթանիահու կիրակի օր ըսաւ, որ ծրագիր մը կը պատրաստուի` յայտարարելով, «Անոնք, որոնք կ՛ուզեն մեզի արգիլել Ռաֆահի մէջ գործել, հիմնականին մէջ մեզի կ՛ըսեն` պատերազմը կորսնցուցէ՛ք». «համաձայնութիւն ըլլայ կամ ոչ, պէտք է աւարտին հասցնենք դէպի ամբողջական յաղթանակ տանող աշխատանքը»:
Իսրայէլացի երկու պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Կազայի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնները 6-էն 8 շաբաթ պիտի տեւեն` նշելով. «Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութեան համար Ռաֆահի վրայ ցամաքային յարձակումը չնչելու ջնջին առիթ գոյութիւն ունի»:
ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Թամըս-Կրինֆիլտ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթոյի պիտի ենթարկէ անմիջական զինադադարի հաստատում պահանջող նախագիծ մը, եթէ անիկա այս շաբաթ քուէարկութեան դրուի:
Ըստ անոր, նշեալ նախագիծը պիտի վտանգէ ընթացող բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ «թշնամական արարքներուն երկարատեւ լուծում մը» գտնելու ընդհանուր նպատակը:
Լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին յայտնած են, թէ կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական Պրեթ Մքկըրք պիտի այցելէ Եգիպտոս` Կազայի դէմ Իսրայէլի պատերազմի եւ իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակման բանակցութիւններուն շուրջ քննարկումներ կատարելու:
Աղբիւրները նշեցին, որ Մքկըրքի Գահիրէ այցելութիւնը կու գայ իսրայէլեան կառավարութեան Եգիպտոսի մայրաքաղաքին մէջ բանակցութիւններուն մասնակցելու համար իսրայէլեան նոր պատուիրակութիւն ուղարկել մերժելուն եւ Ռաֆահի վրայ իսրայէլեան մօտալուտ յարձակումի մը նկատմամբ եգիպտական ու ամերիկեան մտավախութիւններու բարձրացման լոյսին տակ:
Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Կանց ըսաւ. «Պատանդներու վերաբերեալ գործարքի շուրջ բանակցող (իսրայէլեան) խումբը Գահիրէ պիտի երթայ, երբ պայմանները այդ մէկը արտօնեն»:
Իրլանտայի արտաքին գործոց նախարար Մայքըլ Մարթին յայտնեց. «Աշխարհը ցնցուած է Կազայի մէջ անմարդկայնութեան մակարդակէն»: Ան յոյս յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Այսրյորդանանի մէջ բռնարարքներ գործող իսրայէլացի բնակեցուածներու դէմ պատժամիջոցներու հաստատման շուրջ միաձայնութիւն կը գոյացնէ:
Մարթին նախապէս յայտնած էր, որ «Իսրայէլ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի դէմ սուտ եւ մոլորեցնող արշաւ շղթայազերծեց»` աւեցնելով. «ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի դէմ որեւէ յարձակում կ՛ականահարէ երկու պետութիւններու սկզբունքին հիմամբ լուծումը»:
«Պատերազմէն ետք Կազան ղեկավարելիք կողմը պիտի չկարենայ առանց ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի իր առաքելութիւնը կատարել», շեշտեց իրլանտական դիւանագիտութեան պետը:
Համաս շարժումը բուռն կերպով քննադատեց Նեթանիահուի կողմէ Ռամատանի ընթացքին պաղեստինցիներուն Աքսայի մզկիթ մուտքը սահմանափակելու Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիրի առաջարկին որդեգրումը` ընդգծելով, որ Աքսայի մզկիթին կամ այնտեղ պաշտամունք կատարելու դէմ որեւէ ոտնձգութիւն անպատասխան պիտի չմնայ:
Շարժումը բռնագրաւեալ հողերու, Երուսաղէմի եւ Այսրյորդանանի պաղեստինցի ժողովուրդին կոչ ուղղեց մերժելու «այս ոճրային որոշումը, դիմադրելու բռնագրաւումին անպատկառութեան ու մեծամտութեան» զօրակոչի ենթարկուելու եւ Աքսայի մէջ ներկայութիւն ըլլալու:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակը սկսած է Կազայի արեւելքէն արեւմուտք երկարող ճամբայ մը կառուցել` Կազայի հիւսիսը անոր մնացեալ բաժիններէն անջատելու համար:
Անոնք կը նշեն, որ «հորիզոնական թիւ 749 ճամբան» կը սկսի Կազայի մերձակայքը եղող Նահալ Ղոզ բնակեցման վայրէն եւ դէպի արեւմուտք, մինչեւ մօտաւորապէս Միջերկրական ծով կ՛երկարի:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը աւելցուց, որ իսրայէլեան բանակի սակրաւորական զօրամասին պատկանող տասնեակներով մեքենաներ ու ճարտարագիտական սարքեր ներկայիս կ՛աշխատին քարի գործարանները քանդելու եւ այս ճամբան կառուցելու վրայ:
Թել Աւիւ Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինիասիօ Լուլա տա Սիլվան «անբաղձալի անձ» յայտարարեց` Իսրայէլը Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով մեղադրելուն համար: Պրազիլի նախագահը Իսրայէլի կատարածը համեմատած էր նացիական Գերմանիոյ ղեկավար Ատոլֆ Հիթլերի արարքներուն հետ:
Իսրայէլի մէջ Պրազիլի դեսպանին բողոքագիր յանձնելով` Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Մենք պիտի չմոռնանք եւ պիտի չներենք. ասիկա հակասեմական լուրջ յարձակում է: Իմ եւ Իսրայէլի քաղաքացիներուն անունով նախագահ Լուլային փոխանցեցէք, որ ան Իսրայէլի մէջ «անբաղձալի անձ» է, քանի տակաւին իր խօսքերէն ետդարձ չէ կատարած»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ