Արցախի Ազգային ժողովի պալատը Արցախի Ազգային ժողովի պալատը 

Արցախի Ազգային ժողովի ղեկավար կազմը հանդիպած է Արցախի հարցերով յանձնախումբի համակարգողին հետ

19 փետրուարին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունցը եւ խմբակցութիւններու ղեկավարները հանդիպած են Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակին կոչուած յանձնախումբի համակարգող Վարդան Օսկանեանի հետ:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ երէկ` 19 փետրուարին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունցը եւ խմբակցութիւններու ղեկավարները հանդիպած են Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակին կոչուած յանձնախումբի համակարգող Վարդան Օսկանեանի հետ:

Հանդիպման մասնակիցները շեշտած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծուած չէ, որ Արցախի հայաթափումը եւ ժամանակաւոր բռնագրաւումը չի կրնար վերացնել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքը, սեփական հազարամեայ բնօրրանին մէջ անվտանգ եւ ապահով ապրելու բնական պահանջը, որ ամրագրուած է միջազգային իրաւունքի կանոններով:

Քննարկուած են այն քայլերը, որոնք անհրաժեշտ են միջազգային հիմնաւոր երաշխիքներու ներքեւ ստեղծելու անվտանգ ու իրաւական դրոյթներով ամրագրուած միջավայր` արցախահայութեան հայրենադարձման եւ անվտանգ ու ապահով կենսագործունէութեան իրականացման համար` բացառելով ֆիզիքական գոյութեան ու ինքնութեան սպառնալիքները: Կարեւոր նկատուած է այդ ուղղութեամբ համահայկական կառոյցներու եւ անհատներու ջանքերու նպատակաուղղուած եւ թիրախային համադրումը:

Անթոյլատրելի նկատուած է արցախահայութեան հայրենադարձման հարցի շահարկման եւ չարաշահման որեւէ դրսեւորում:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2024, 07:50