Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (18)` պատրաստեց Սագօ Արեանը
Յարգելի ունկնդիրներ, այսօրուան մեր հաղորդումը նուիրած են Հայ Ժողովուրդի արդի պատմութեան անզուգական դէմքերէն՝ Մկրտիչ Խրիմեան կաթողիկոսին՝ Խրիմեան հայրիկին, որ շնորհիւ իր մեծատաղանդ ներդրումին կարողացաւ դուրս գալ յարանուանական ընկալումներէ ու դառնալ ամբողջ հայ ժողովուրդի իրական հայրիկը։
Իր նուիրումով, ստեղծած կարեւոր գործերով ու մեր ժողովուրդի տարերային պահերուն առաջնագծի վրայ գտնուելով Մկրտիչ Խրիմեան թողեց մեծ աւանդ եւ անջնջելի ստորագրութիւն։
Այս եւ յաջորդ երկու հաղորդումներով մեր ունկնդիրներուն պիտի փորձենք ներկայացնել Խրիմեան Հայրիկի կեանքը, անոր գործերը, ինչպէս նաեւ, որպէս գրող գրական յատկանիշները։
Բարի ունկնդրութիւն ՝ բոլորիդ։
Մկրտիչ Խրիմեան յայտնի «Հայոց Հայրիկ» անուանումով ծնած է 1820ին Վանի մէջ: Կանուխէն որբ մնալով, մեծցած է հօրեղբօր խնամքին տակ: 27 տարեկանին, երբ ամուսնացած էր արդէն, կու գայ Պոլիս եւ կը փորձէ անցնիլ Եւրոպա բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու։ Նիւթական միջոցներու պակասին հետեւանքով չի կրնար իրականացնել իր փափաքը։
Պոլիս եղած միջոցին ան կը գործէ իբրեւ հայրենիքէն եկած ուսուցիչ՝ ստանձնելով հայերէնի եւ ազգային պատմութեան դասեր Խասգիւղի աղջկանց վարժարանին մէջ :
Խրիմեան նոյն ատեն զբաղած է Պոլսոյ մէջ չարաչար աշխատող պանդուխտ հայերուն տարրական զարգացում տալու գործով:
1853ին, երբ կը վերադառնայ Վան՝ կորսնցուցած էր արդէն մայրը, կինը եւ զաւակը, եօթը տարիներու պանդխտութեան ընթացքին։
1854ին Աղթամարի մէջ կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ (վարդապետ): Արթուն, խանդավառ եւ ուսումնատենչ հոգեւորական կը դառնայ։ Կ'անցնի նախ Էջմիածին, ապա Երուսաղէմ եւ Պոլիս։
Հանրային եւ գրական գործունէութեանը կը սկսի 1854ին, Պոլսոյ մէջ, ուր իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ազգ. Սահմանադրութեան ծանօթ շարժումին։ 1855ին կը ձեռնարկէ «Արծուի Վասպուրական» ամսաթերթի հրատարակութեան։
1857ին կը փոխադրուի Վան, Վարագայ վանք։ Կը յաջողի իրեն հետ տանիլ տպագրական մեքենայ մը՝ շնորհիւ Պօղոս Օտեանի բերած աջակցութեան: «Արծուի Վասպուրական»ը կը դառնայ հայրենի գաւառին մէջ լոյս տեսնող առաջին թերթը եւ Վարագայ լերան բարձունքէն կը շարունակէ հնչեցնել ազգային արթնութեան եւ լուսաւորութեան կարգախօսը (1858):
1862ին կ'ընտրուի առաջնորդ Տարօնի եւ կը տեղափոխուի Ս. Կարապետ վանքը, ուր իր թերթն ալ անուն կը փոխէ եւ կը դառնայ «Արծուիկ Տարօնոյ»: Խրիմեան կը նկարագրէ ժողովուրդին տառապանքը եւ յանդուգն յօդուածներով կը բողոքէ քիւրտ ցեղապետերու վայրագութեանց դէմ:
1868ին կը մասնակցի Էջմիածնի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ կը ստանայ եպիսկոպոսական աստիճան Գէորգ Դ. կաթողիկոսէն:
Մկրտիչ Խրիմեանի անունը կը տարածուի ամբողջ Հայաստանի մէջ, իբրեւ ժողովրդանուէր, հայրենասէր եւ քաջ եկեղեցական: Զինք կը կոչեն «Հայրիկ»: Ուր որ երթայ՝ կ'արժանանայ խանդավառ ընդունելութիւններու։
1869ին կ'ընտրուի Պոլսոյ պատրիարք։ Մեծ յոյսեր կը կապէ հայութիւնը իր անձին։ Ու երբ Պոլիս կը հասնի՝ զինք կ'ընդունին աննախընթաց ոգեւորութեամբ։ Պատանի Պ. Դուրեան ողջոյնի եւ սիրոյ բանաստեղծութիւններ կը նուիրէ իրեն, բացականչելով.- «Ո՜վ է որ կու գայ. թագաւո՞ր մը. ո՛չ, սեւ սքեմ մը ուսին՝ հայոց հայրիկն է որ կու գայ»:
Երեք տարի միայն կը մնայ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին վրայ: Յանդուգն ու կորովի իր քննադատութիւններն ու գործելակերպը տեղ չեն գտներ Պոլսոյ մէջ։ Կը վերադառնայ Վան՝ լծուելու համար կրկին կրթական եւ գրական իր աշխատանքներուն:
1878ին կը գումարուի Պերլինի վեհաժողովը՝ վերաքննելու համար Սան Ստեֆանոյի դաշնագրին պայմանները: Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքի կարգադրութեամբ Խրիմեան Հայրիկ Մինաս Չերազի եւ Նարպէյի ընկերակցութեամբ կը մեկնի Պերլին իբրեւ հայկական պատուիրակութեան նախագահ: Նպատակն էր մեծ տէրութիւններուն ընդունիլ տալ անմիջական գործադրութիւնը հայկական նահանգներու բարեկարգութեան։ Սակայն հայկական հարցը զոհ կ'երթայ Պերլինի մէջ մեծ տէրութիւններու մրցակցութեան։ Սան Ստեֆանոյի դաշնագրին մէջ ընդունուած 16րդ յօդուածը կը փոխուի 61րդ յօդուածի, որու հիման վրայ հայկական բարենորոգումները պիտի իրագործուէին եւրոպական վեց պետութիւններու հաւաքական հսկողութեան տակ։
Պոլիս դարձին Խրիմեան Հայրիկ պատմելով իր «Երկաթեայ շերեփ»ի նշանաւոր առակը, մէկ կողմէ կը յայտնէր իր յուսախաբութիւնը, միւս կողմէ կը յորդորէր, որ հայ ժողովուրդը հոգեփոխուի եւ գիտնայ արժէքն ու անհրաժեշտութիւնը զէնքի ուժին:
Խրիմեան ժամանակ մը կը մնայ Պոլիս իբրեւ քարոզիչ բայց 1890ին Օսմանեան ոստիկանութիւնը զինք կ'աքսորէ Երուսաղէմ, ուր կը մնայ երկու տարի, երբ 1892ին միաձայնութեամբ կ'ընտրուի Ամենայն հայոց կաթողիկոս։ Կ'անցնի Էջմիածին եւ տասնըչորս տարի կը մնայ կաթողիկոսական աթոռին վրայ։ Կը վախճանի 1907ին :
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ