2022.02.25 San Vartan

«Վասն Հաւատոյ Եւ Վասն Հայրենեաց»

Վարդաններն ու Վահանները հայ ցեղի ազնուագոյն յատկութիւններու անձնաւորումն են: Անոնք մարմնացումն են քրիստոնէական անյողդողդ հաւատքին եւ անշահախնդիր հայրենասիրութեան: Անոնց «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» կարգախօսը մնալու է նոյնը մերօրեայ մարտահրաւէրներու մէջ, եթէ կ՛ուզենք մեր հայ քրիստոնեայ ըլլալը արժեցնել:

Վարդանանց պատերազմը հայոց պատմութեան մէջ ամենաճակատագրական անկիւնադարձերէն մէկն է: Ան հայ ժողովուրդի ամէնէն ժողովրդական եւ կրօնա-ազգային բնոյթ ունեցող տօներէն մէկն է, որուն յիշատակումը կը կատարուի ամէն տարի համայն հայութեան կողմէ:

Ոմանց կարծիքով, Ե. դարու կիսուն մղուած պատերազմը սոսկ քաղաքական բնոյթ ունէր` ցուցաբերելով նաեւ կրօնական մտահոգութիւններ: Ըստ այս մարդոց մտածողութեան, Վարդանանց պատերազմի յիշատակումը յանուն ազգային արժանապատուութեան մղուած նուիրական պայքարի մը ոգեկոչումն է… հայ ժողովուրդի գոյատեւման անբեկանելի կամքին ուժը խորհրդանշող սրբացած աւանդ մը, զոր ժառանգած ենք մեր դարաւոր անցեալէն:

Ուրիշներու համար Վարդանանց պատերազմի միակ նպատակն ու դրդապատճառը կրօնական էր: Ան մղուեցաւ խղճի ազատութեան համար` ի խնդիր քրիստոնէութեան պահպանման: Ըստ իս, անխախտ պահելով հանդերձ Աւարայրի «հաւատամարտ» մը ըլլալու հանգամանքը, պէտք է նաեւ յիշատակենք զայն որպէս «հայրենամարտ», որովհետեւ ըստ Վարդանանց նուիրուած վկայաբանութեան, 451 թուականի հայոց ծառացումը Սասանեան կայսրութեան դէմ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» էր:

Տարակոյս չկայ, որ հինգերորդ դարու մեր սրբազան պատմիչները` Եղիշէ եւ Փարպեցին, կը շեշտեն պատերազմի կրօնական հանգամանքը` իր բոլոր տուեալներով, որոնք տեղի ունեցան պատերազմի նախօրեակին ու վաղորդայնին: Բայց Վարդանանց պատերազմը կը մղուէր նաեւ մարդկային անբռնաբարելի իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնուրոյն մշակոյթի եւ դիմագիծի պահպանման  ի  խնդիր:

Քրիստոնէութենէ դէպի զրադաշտականութիւն հաւատափոխութեան իր պահանջը պարտադրելու համար Յազկերտ Բ. ծանր տուրքերու ենթարկած էր ոչ միայն հայ եկեղեցականներն ու վանքերը, այլ նաեւ` հայ նախարարութիւնները, բռնաբարած էր անոնց մարդկային իրաւունքները: Հետեւաբար Վարդանանց պատերազմը հաւաքական ինքնաբուխ պոռթկում մըն էր` հայոց հաւատքին եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր: Վարդան եւ իր ուխտապահ զինուորները իրենց քրիստոնէական հաւատքին եւ հայրենիքին համար իրենց կեանքը զոհեցին:

Սովորութիւն դարձած է Վարդանանց պատերազմը սահմանափակել սոսկ Աւարայրի Ճակատամարտով եւ յայտարարել, որ Վարդան եւ իր 66 հազար զինակիցները ռազմապէս կորսնցուցին, բայց բարոյապէս յաղթանակեցին: Իրականութիւնը այն է սակայն, որ Վարդանանց հաւատամարտը թէեւ 26 մայիս 451-ին սկսաւ, բայց շարունակուեցաւ ամբողջ 33 տարի, մինչեւ 484-ին, այսինքն մինչեւ Նուարսակի դաշնագրի ստորագրումը, երբ հայ ժողովուրդը կրցաւ տիրանալ կրօնական եւ քաղաքական որոշ ազատութիւններու: Այլ խօսքով, Աւարայրն ու Նուարսակը անքակտելիօրէն կապուած են իրարու:

Ճիշդ է, որ 26 մայիս 451-ին ռազմապէս պարսիկներ յաղթանակ մը տարին հայոց վրայ, բայց իրենց նպատակին չհասան: Աւարայրի ճակատամարտը թէեւ ռազմական պարտութիւն մըն էր հայոց համար, բայց իրականութեան մէջ ժողովրդային յաղթանակ մըն էր: Հայեր թէեւ կորսնցուցին ճակատամարտ մը, բայց փոխելով իրենց ռազմավարութեան եղանակը` ի վերջոյ շահեցան «պատերազմը»: Վերջին հաշուով, անոնք հասան իրենց նպատակին: Ճիշդ է, որ Աւարայրի ճակատամարտի յաջորդ տարիներուն պարսիկներ մեծ զուլումներ գործեցին Հայաստանի մէջ: Ղեւոնդ Երէց եւ բազմաթիւ հայ եկեղեցականներ անգթօրէն սպաննուեցան: Հայ նախարարներ գերի տարուեցան Պարսկաստան եւ հոն մնացին 13 տարիներ:

Բայց Վարդաններու ոգիով նոր սերունդը շարունակեց սրբազան պայքարը: Յատկապէս, Վարդանին եղբօրորդի Վահան Մամիկոնեան շարունակեց առճակատումը` հրոսակային եւ հայդուկային կռիւներով: Իր եօթը հազար հոգինոց բանակով պաշարեց Արարատի լանջերուն վրայ գտնուող Ակոռի գիւղը եւ ջախջախեց հոն հաստատուած պարսիկ բանակին մէկ զօրամասը: Այնուհետեւ, երեք այլ վայրերու մէջ յաղթանակներ տանելով, պարսից դէմ եղող հայոց դիմադրութիւնը շարունակեց: Ի վերջոյ, պարսից արքայ Վաղարշ իմաստութիւնն ունեցաւ եզրակացնելու, որ բռնի ուժով պիտի չկարենար լուծել հայկական հարցը: Հետեւաբար 484 թուականին Հեր եւ Զարեւանդ գաւառի Նուարսակ գիւղին մէջ դաշինք մը կնքեց հայոց հետ: Նուարսակի դաշնագրին գլխաւոր պայմաններն էին` ա) կրօնական ազատութիւն շնորհել հայ ժողովուրդին. բ) արգիլել մեհեաններու շինութիւնը Հայաստանի մէջ. գ) պետական մեքենան վարել արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու սկզբունքով:

Այսպիսով, Աւարայրի ճակատամարտով սկսած Վարդանանց պատերազմը իր լրումին հասաւ Նուարսակի դաշնագիրով, որ եթէ պարսիկներուն համար ռազմական պարտութիւն մը չեղաւ, հայերուն համար, սակայն, իրական յաղթանակ մը եղաւ: Այս ձեւով Վարդանանց նահատակներուն անաւարտ առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակուեցաւ Վահան Մամիկոնեանի եւ իր ազնուական զինակիցներու հերոսական ջանքերով:

Բայց ի՞նչ էր մղիչ ուժը Վարդանանց հերոսական սխրագործութեան, ինչպէ՞ս փոքրիկ «Դաւիթ» մը եղող Հայաստանը համարձակութիւնը ունեցաւ հսկայ «Գողիաթ» եղող Պարսկաստանի դէմ կենալու:

Վարդանանց պատերազմի մղիչ ուժը պէտք է փնտռել հետեւեալ պատմական իրողութեանց մէջ. Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն հռչակուիլը 301 թուականին, դար մը ետք հայ գիրերու գիւտը` 406 թուականին եւ անոր յաջորդող Ոսկեդարու գրականութիւնը` 406-451 տարիներուն: Այս կարեւոր ազդակները դարձան մեր ազգային ինքնագիտակցութեան, միութեան եւ ստեղծագործ զօրութեան ակնաղբիւրը: Յիրաւի, Վարդանանց պատերազմը` իր Աւարայրով եւ Նուարսակով, տեղի պիտի չունենար, եթէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տրդատ թագաւոր քրիստոնէութիւնը պետական կրօն չդարձնէին, եւ եթէ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ հայ նշանագրերու գիւտով եւ անոր յաջորդող Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ եւ այլ ինքնագիր ու թարգմանածոյ գործերով չստեղծէին գրական, մշակութային շարժում մը, որ ծանօթ է Ոսկեդար բնորոշումով: Այս ամէնը ստեղծեցին սքանչելի ենթահող մը` հայ ժողովուրդի հայադրոշմ, կրօնաշունչ եւ ազգաշունչ ինքնութեան:

Ի հեճուկս այն իրողութեան, որ քաղաքականապէս հարկատու մնալով բիւզանդական եւ պարսկական աշխարհակալութիւններուն` Հայաստանի մէջ նոր սերունդ մը հասած էր, որ պատրաստ էր իր գերագոյն զոհողութիւնը ընելու «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»:

Վարդանանց այդ սերունդը դարձաւ ներշնչման աղբիւր յաջորդ սերունդներուն: Իրօք, Վարդանանց հերոսամարտէն ետք հայ ազգը մղեց անհաւասար բազմաթիւ պայքարներ եւս` պատմական փորձառութեամբ համոզուած ըլլալով, որ ամէնէն մութ գիշերներուն իսկ կը յաջորդեն նոր արշալոյսեր:

Վարդաններն ու Վահանները հայ ցեղի ազնուագոյն յատկութիւններու անձնաւորումն են: Անոնք մարմնացումն են քրիստոնէական անյողդողդ հաւատքին եւ անշահախնդիր հայրենասիրութեան: Անոնց «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» կարգախօսը մնալու է նոյնը մերօրեայ մարտահրաւէրներու մէջ, եթէ կ՛ուզենք մեր հայ քրիստոնեայ ըլլալը արժեցնել:

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Աղբիւրը` Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2024, 09:30