Առողջապահութեան միջազգային գործակալութեան տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէեսուս Առողջապահութեան միջազգային գործակալութեան տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէեսուս   (AFP or licensors)

Կեպրէեսուս. «Էքս» ժահրի համաճարակի տարածումը պարզապէս ժամանակի հարց դարձաւ»

Կիպրէեսուս շեշտեց. «Աշխարհը տակաւին անպատրաստ է նոր համաճարակ դիմակայելու», եւ կրկնեց իր պահանջը «մինչեւ մայիս ստորագրելու յառաջիկայ համաճարակին պատրաստուելու եւ զօրակոչի ենթարկուելու միջազգային համաձայնագիրը մը»` այդ համաձայնագիրը նկատելով «մարդկութեան համար վճռական կարեւորութիւն ունեցող:

Առողջապահութեան միջազգային գործակալութեան տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէեսուս զգուշացուց նոր համաճարակէ մը` ընդգծելով. «Անոր տարածումը պարզապէս ժամանակի հարց դարձաւ»:

Կեպրէեսուս Տուպայի մէջ կառավարութիւններու համաշխարհային խորհրդաժողովի մասնակիցներուն յայտնեց. «Էքս» հիւանդութեան վերաբերեալ հարցը այն չէ, թէ աշխարհին պիտի հարուածէ՞, թէ՞ ոչ, այլ ատիկա ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ»:

Ան ըսաւ, որ 2018-ին նոյնպիսի զգուշացում մը հրապարակած էր, թէ համաճարակ տեղի պիտի ունենայ, եւ «Քորոնա» ժահրի մահաբեր համաճարակին տարածումով փաստուեցաւ, որ իրաւունքով էր:

Կիպրէեսուս շեշտեց. «Աշխարհը տակաւին անպատրաստ է նոր համաճարակ դիմակայելու», եւ կրկնեց իր պահանջը «մինչեւ մայիս ստորագրելու յառաջիկայ համաճարակին պատրաստուելու եւ զօրակոչի ենթարկուելու միջազգային համաձայնագիրը մը»` այդ համաձայնագիրը նկատելով «մարդկութեան համար վճռական կարեւորութիւն ունեցող:

«Էքս» հիւանդութիւնը տակաւին չէ տարածուած, սակայն Առողջապահութեան միջազգային գործակալութիւնը զայն այդ անունով կը կոչէ` ակնարկելու համար ներկայիս ծանօթ չեղող վարակիչ պարագաներու, որոնք կրնան շարք մը երկիրներու մէջ տարածուելու պարագային համաճարակի վերածուիլ:

Գոյութիւն ունի այն նախատեսութիւնը, որ անիկա «Քորոնա» ժահրէն 20 անգամ աւելի մահացու կրնայ ըլլալ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2024, 08:29