Ռայի Պատրիարք. «Աստուած մեզի սորվեցուցած է ակն ընդ ական եւ ատամն ընդ ատաման սկզբունքը փոխարինել սիրոյ սկզբունքին հետ»։
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Կազայի պատերազմին արձանագրած զարգացումներն ու Լիբանանի վրայ ձգած անոր հետեւանքները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի քաղաքական տագնապի, մասնաւորաբար` նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերող ֆրանսական նախաձեռնութիւնները:
Կիրակի, 18 փետրուարին, Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքըՊքերքէի մէջ նախագահեց Քարիթասի հիմնադրութեան առիթով մատուցուած Ս. պատարագին:
Այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ պատերազմը այլ պատերազմներ ու քանդում կը պատճառէ եւ քաղաքացիները անպատսպար կը դարձնէ: «Աստուած մեզի սորվեցուցած է ակն ընդ ական եւ ատամն ընդ ատաման սկզբունքը փոխարինել սիրոյ սկզբունքին հետ», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ հերոսութիւնը պատերազմ շղթայազերծելուն մէջ չէ, այլ` միտքով այդ պատերազմէն խուսափելու եւ խաղաղութիւն կերտելու մէջ է:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ կարելի չէ պետութեան կեանքը քանդող անվստահելիութեան եւ իրարմէ հեռանալու վիճակով շարունակել:
Ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն Լիբանանի ազգային միասնականութեան նպատակին իրագործման համար տարբեր միջոցներ որդեգրելու եւ իբրեւ վերջնական հայրենիք Լիբանանի նկատմամբ հաւատարմութիւն յայտնելու:
Նշենք, Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Կազայի պատերազմին արձանագրած զարգացումներն ու Լիբանանի վրայ ձգած անոր հետեւանքները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի քաղաքական տագնապի, մասնաւորաբար` նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերող ֆրանսական նախաձեռնութիւնները:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ