Իսթանպուլի Սանթա Մարի եկեղեցւոյ մէջ Պատարագ Իսթանպուլի Սանթա Մարի եկեղեցւոյ մէջ Պատարագ 

Պոլսոյ մէջ. մարդասպանութեան «հանդիսավայր» դարձած եկեղեցին վերաբացուած է պաշտամունքի

Արարողութեան մասնակցեցան Պոլսոյ Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ստանպուլի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Ս. Եպիսկոպոսը, Իզմիրի Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Հայր Մարթին Քըմէթէք, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան եւ Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Քորեպս. Չանլըն։

Պիւյիւքտէրէի Սանթա Մարիա Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, 28 Յունուար 2024, Կիրակի առաւօտ, Ս. Պատարագի մատուցման ընթացքին պատահած ոճրագործութեան պատճառաւ, ըստ կանոնի եկեղեցին ընդունուած էր որպէս պղծեալ տաճար։ 1 Փետրուար 2024, Հինգշաբթի, ժամը 19.00-ին, եկեղեցւոյ սրբագործման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Պապական նուիրակ Մոնս. Մարէք Սոլժինսքիի։ Արարողութեան մասնակցեցան Պոլսոյ Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ստանպուլի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Ս. Եպիսկոպոսը, Իզմիրի Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Հայր Մարթին Քըմէթէք, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան եւ Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Քորեպս. Չանլըն։

Բաց այստի իրենց ներկայութիւնը բերին Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Հրէից Խախամապետարանի ներկայացուցիչները։ Կային նաեւ դիւանագիտական անձինք, բազմաթիւ վարդապետներ ու մայրապետներ, ինչպէս նաեւ Պիւյիւքտէրէի շրջանէն ոչ-Քրիստոնեայ անձեր ու հաւատացեալներ։

Արարողութեան սկիզբը կազմուած թափորով եկեղեցականներ մուտք գործեցին տաճարէն ներս։ Կատարուած սրբագործման արարողութեան ընթացքին, Մոնս. Մարէք Սոլժինսքի օրհնուած ջուր սրսկեց եկեղեցւոյ նորակառոյց Ս. Սեղանին եւ բոլոր պատերուն վրայ։ Ապա, օրհնուած Ս. Սեղանի վրայ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, նաեւ յիշատակուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ ոճրագործութեան զոհ գացած Ճիհան Թունճէրը։ Արարողութեան ընցացքին տեղի ունեցան արտայայտութիւններ, որոնց ընթացքին շնորհակալութիւն յայտուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի, որ անձամբ հետաքրքրուած էր եկեղեցւոյ մէջ պատահած դէպքով ու իր ցաւակցութիւնը յայտնած՝ եկեղեցւոյ համայնքին։ Արարողութեան աւարտին նաեւ արտայայտութիւն ունեցաւ Սանթա Մարիա Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Հայր Անտոն Պուլաի Կիրակի օր պատահած դէպքի մասին վկայութիւնները բաժնեց ներկաներուն հետ ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք հետաքրքրուած էին իրենց հետ։

Սոյն արարողութեան յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր մասնակցեցաւ Աթոռոյս Միջեկեղեցական եւ Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Առաջնորդներուն ու Սանթա Մարիա Եկեղեցւոյ Հովիւին փոխանցեց Պատրիարք Հօր ցաւակցութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2024, 08:13