2024.02.22 Il Presidente del Consiglio Ecumenico delle Chiese visita Gerusalemme

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարը՝ Երուսաղէմ այցելած է

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Յունաց Պատրիարքարանին մէջ։

Օրերս, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարը այցելած է Երուսաղէմ եւ հանդիպում ունեցած Երուսաղէմի Պատրիարքներուն եւ հոգեւոր պետերու հետ։ Հանդիպման ներկայ է եղած Հայ Միաբանութեան անդամ՝ Հոգշ. Տ. Աղան վրդ. Գոգչեան։ 

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկացնէ որպէս աղբիւր ունենալով Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միոաբանութեան դիմատետրի էջը, ուր գրուած է՝

17 Փետրուար, 2024-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար՝ Վերապատուելի Դոկտ. Բրօֆ. Ճերի Փիլլա այցելեց Երուսաղէմի Պատրիարքներուն եւ հոգեւոր պետերուն։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Յունաց Պատրիարքարանին մէջ։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ ներկայ գտնուեցաւ Դիւանապետ՝ Հոգեշնորհ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգչեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2024, 08:49