Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներ  (ANSA)

Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութիւնը 1 միլիոն տոլարի լրացուցիչ աջակցութիւն կը տրամադրէ Արցախէն տեղահանուած անձերուն

Նախաձեռնութեան պաշտօնական մեկնարկը տրուած է 31 յունուարին` Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկով, որուն ընթացքին բռնի տեղահանուած անձեր ստացած են սնունդ եւ մաքրութեան իրեր:

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը 1 միլիոն տոլարի լրացուցիչ աջակցութիւն կը տրամադրէ Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերուն. այդ օգնութեան շնորհիւ, Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած 19,300 անձ առաջնային մարդասիրական օգնութիւն պիտի ստանայ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ֆինանսաւորումով գործող «Ընկերային պաշտպանութիւն, ներառում եւ հզօրացում» ծրագիրին միջոցով, որ կ՛իրականացուի «Տեմոքրըսի Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան կողմէ:

Այս մասին կը յայտնեն Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութենէն:

Նախաձեռնութեան պաշտօնական մեկնարկը տրուած է 31 յունուարին` Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկով, որուն ընթացքին բռնի տեղահանուած անձեր ստացած են սնունդ եւ մաքրութեան իրեր: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի տեղակալ Աննա Ժամկոչեան Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման գործակալութեան Հայաստանի առաքելութեան փոխտնօրէնի պաշտօնակատար Մեթիու Լէյրտի եւ «Տեմոքրըսի Ինթըրնեշընըլ»-ի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Լիզպեթ Զոնվելետի հետ մասնակցած է ձեռնարկին:

Աննա ժամկոչեան այցելութեան ընթացքին ընդգծած է. «Լեռնային Ղարաբաղէն մեր հայրենակիցները 2023-ի սեպտեմբերին հաշուըւած օրերու ընթացքին բռնի տեղահանուելով յայտնուեցան իրենց կեանքն ու գործունէութիւնը վերսկսելու մարտահրաւէրին առջեւ: Հայաստանի կառավարութիւնը եւ բազմաթիւ անհատներ աջակցեցան անոնց առաջնային կեցութեան եւ ապրուստի միջոցներ հոգալու հարցին մէջ:

«Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածները կը շարունակեն պետական դրամական աջակցութիւն ստանալ նաեւ ձմեռուան ամիսներուն: Բոլոր այս պետական ծրագիրներուն մէջ մեր կողքին մեր տեղական եւ միջազգային գործընկերներն են, ինչ որ կարեւոր է, որովհետեւ բռնի տեղահանուած ընտանիքին ժամանակ պէտք է իր ինքնաբաւ կեցութիւնը վերագտնելու համար»:

«Ընկերային պաշտպանութիւն, ներառում եւ հզօրացում» ծրագիրը Արցախէն տեղահանուած անձերուն կը տրամադրէ անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն` մաքրութեան իրեր, տաք հագուստ, պարենային եւ ոչ պարենային ապրանքներ ու այլ անհրաժեշտ պարագաներ: Աջակցութեան տրամադրումը սկսած է 2023 թուականի դեկտեմբերին եւ պիտի տեւէ 6 ամիս:

Աշխարհագրութիւնը կ՛ընդգրկէ Երեւանը, Արարատի, Կոտայքի, Լոռիի, Շիրակի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մարզերը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2024, 09:01