Պալթիմորի մէջ կամուրջ մը փուլ եկած է
Միացեալ Նահանգներու Մերիլենտ նահանգի Պալթիմոր քաղաքին մէջ ինքնաշարժներու կամուրջ մը փուլ եկած է, երբ բեռնատար նաւը բախած է կամուրջին:
Միացեալ Նահանգներու Մերիլենտ նահանգի Պալթիմոր քաղաքին մէջ ինքնաշարժներու կամուրջ մը փուլ եկած է, երբ բեռնատար նաւը բախած է կամուրջին:
Միջադէպի պահուն կամուրջին վրայ եղած են տասնեակ մը ինքնաշարժներ:
Ամերիկեան աղբիւրներու համաձայն, կամուրջը հարուածած բեռնատար նաւը կը նաւարկէր Սինկափուրի դրօշին տակ: Կը հաղորդուի, որ արկածին պատճառով նաւուն վրայ կրակ բռնկած է, որմէ ետք անիկա ընկղմած է:
Աղբիւրը՝ Ազդաակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
27/03/2024, 08:42