Շահպահ Պհաթթիին նուիրուած համագումար Շահպահ Պհաթթիին նուիրուած համագումար 

Իտալիոյ մէջ համագումար նուիրուած 13 տարի առաջ Փաքիստանի մէջ խաղաղութեան համար սպաննուած Շահպազ Պհաթիին

13 տարիներ ետք կրանաք ըսել, որ Շահպած Պհաթիին զոհութիւնն ու յանձնարարութիւնը ի զուր չեն, որովհետեւ Քրիստոնեաները կ՝ապրին եւ կը գործեն որպէսզի Փաքիստանը չմատնուի ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Իտալիոյ ծերակուտակարանէն ներս գումարուած համագումարի ընթացքին մատուցուեցաւ յարգանքի տուրք՝ 11 մարտ 2011ին, ահաբեկիչներուն ձեռքով սպաննուած, այն ժամանակ Փաքիստանի մէջ փոքրամասնութիւններու նախարար, Շահպազ Պհաթիին, որ սպաննուեցաւ կրօնական ազատութեան եւ սրբապղծութեան օրէնքին վերացման համար իր յանձնառութեան համար։

42 տարեկանին սպաննուած Շահպազ Պհաթթիին նուիրած համագումարին՝ կազմակերպուած Իտալիոյ մէջ Փաքիստանցի քրիստոնեաներուն ընկերակցութեան կողմէ, իրենց մասնակցութիւնը բերին քաղաքական, կրօնական եւ տարբեր դաւանանքներուն պատկան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Իտալիոյ կառավարութեան կրօնական ազատութեան յատուկ բանագնաց Տաւիտէ Տիոնիզի իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ սոյն համագումարին նպատակը այն է պահպանել կանոնաւոր, թափանցիկ երկխօսութիւն կրօնային դաւանանքներուն եւ կառավարութիւններուն միջեւ, հիմնուելով անոնց ինքնութեան վրայ եւ յատուկ ներդրման ճանաչման համար։

«Շահպազ Պհաթթին անվախ առաջնորդ մըն եղաւ։ Հակառակ ստացած սպառնալիքներուն ան երբեք չլքեց իրեն վստահուած հայրենիքը, շարունակելով իր աշխատանքը տառապողներու եւ հալածողներուն համար որպէս խօսնակ։
13 տարիներ ետք կրանաք ըսել, որ անոր զոհութիւնն ու յանձնարարութիւնը ի զուր չեղան, որովհետեւ Քրիստոնեաներն կ՝ապրին եւ կը գործեն որպէսզի Փաքիստանը չմատնուի ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան», ըսաւ Տաւիտէ Տիոնիզին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2024, 10:39