Միացեալ Նահանգներու. նախագահ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու. նախագահ Պայտըն 

Պայտըն. «Իսրայէլ չի կրնար Կազայի մարդասիրական օժանդակութեան թղթածրարը իբրեւ սակարկութեան առարկայ օգտագործել»

Պայտըն Քոնկրեսին ուղղուած իր տարեկան ուղերձին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլի ղեկավարներուն կ՛ըսեմ` մարդասիրական օժանդակութիւնները չեն կրնար երկրորդական հարց կամ սակարկութեան առարկայ ըլլալ: Անմեղներու կեանքերը պաշտպանելն ու փրկելը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլան»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն զգուշացուց Իսրայէլը, թէ չի կրնար Կազայի մարդասիրական օժանդակութիւններու թղթածրարը իբրեւ «սակարկութեան առարկայ» օգտագործել` կոչ ուղղելով 6 շաբաթ տեւողութեամբ անմիջական զինադադար հաստատելու:

Պայտըն Քոնկրեսին ուղղուած իր տարեկան ուղերձին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլի ղեկավարներուն կ՛ըսեմ` մարդասիրական օժանդակութիւնները չեն կրնար երկրորդական հարց կամ սակարկութեան առարկայ ըլլալ: Անմեղներու կեանքերը պաշտպանելն ու փրկելը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլան»:

«Կազայի մէջ պատերազմը մարդկային աւելի մեծ կորուստներ պատճառեց բաղդատմամբ Կազայի մէջ բոլոր պատերազմներուն միասնաբար. սպաննուեցան աւելի քան 30 հազար պաղեստինցիներ, որոնց մեծամասնութիւնը Համասի անդամ չեն, եւ անոնցմէ հազարաւորներ անմեղ կիներ եւ մանուկներ են», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Նախքան այդ, Պայտըն ամերիկեան բանակին հրամայեց Կազայի մէջ ժամանակաւոր նաւահանգիստ կառուցել` պաշարուած պաղեստինցիներուն ծովու ճամբով յաւելեալ օժանդակութիւններ ուղարկելու:

Պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ այդ քայլը Կազայի մէջ ամերիկեան ուժերու տեղակայում պիտի չներառէ. ամերիկացի զինուորները այլ դաշնակիցներու հետ պիտի մնան ծովուն բացը: «Մենք իսրայէլացիներուն չենք սպասեր: Ասիկա ամերիկեան ղեկավարութիւնը ցոյց տալու պահն է», աւելցուցին պաշտօնատարները:

Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը 7 մարտին լրագրողներուն յայտնեց, որ մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը պիտի կատարուի Կիպրոսէն` ծովու ճամբով: Ան ընդգծած է, որ նախաձեռնութիւնը հիմնուած է Կիպրոսի «Ամալթիա» կոչուող առաջարկին վրայ:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն նշեց. «Մեր գործընկերներուն եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ յայտարարեցինք, որ Կազա օժանդակութիւններ հասցնելու համար ծովային միջանցք պիտի բանանք»:

Կազայի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու յանձնակատար Սիկրիտ Քաակ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի դռնփակ նիստէ մը ետք լրագրողներուն յայտնեց. «Կազա օժանդակութիւններ օդէն նետելը կամ ծովու ճամբով հասցնելը որեւէ ձեւով չի կրնար զանոնք ցամաքի ճամբով հասցնելուն այլընտրանք ըլլալ»:

Փենթակոն հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին «շեշտեց բոլոր կարելի սահմանային անցքերով Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններու հոսքի յաւելման հրատապ կարիքը»:

Իսրայէլի բանակի մամլոյ վարչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Նախարար Կալանթ ընդգծած է, որ պատանդներու վերադարձը Իսրայէլի բարձրագոյն բարոյական պատասխանատուութիւնն է, եւ որ ատոր հասնելու համար գործադրուող զինուորական ճնշումը պիտի աւելնայ: Պատանդներու կացութիւնը միջազգային մարդասիրական ճգնաժամ է, անիկա կը պահանջէ համաշխարհային իրազեկում եւ գործողութիւններ»:

Իսրայէլեան «Քան 11» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Գահիրէի բանակցութիւններուն ընթացքին Համասի նոր պահանջը եղած է այն, որ Իսրայէլ չկարենայ մերժել Իսրայէլի արաբ քաղաքացիներ եւ Կապոյտ անձնագիրի տէր երուսաղէմցիներ եղող բանտարկեալներու ազատ արձակումը: Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ Իսրայէլ կրնայ ընդունիլ Կապոյտ անձնագիր ունեցող անձերը ազատ արձակելու գաղափարը, հակառակ այն իրողութեան, որ «անոնք որեւէ պարագայի իսրայէլացի քաղաքացիներ չեն նկատուիր»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Իսրայէլի համար ամէնէն դժուար ընդունելի պահանջը երկրորդ Ինթիֆատայի բոլոր ղեկավարները, ինչպէս` Ապտալլա Պարղութին, Ապպաս Սայետը եւ ոչ միայն Մարուան Պարղութին ազատ արձակելն է:

Պատկերասփիւռի կայանը աւելցուց, որ պատերազմին վերջնականապէս վերջ տալը եւ իսրայէլեան բանակը ամբողջութեամբ Կազայէն հեռացնելը այն հարցերն են, որոնք ամբողջ ժամանակ խոչընդոտած են համաձայնութեան գոյացման կարելիութիւնը:

Միւս կողմէ, պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ զոհեր արձանագրուած են, երբ օդէն անկարգելով նետուած օժանդակութիւններ Ֆէյրուզ աշտարակներուն մօտ շարք մը մարդոց վրայ ինկած են:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2024, 08:55