2023.11.25 GIORNATA VIOLENZE CONTRO LE DONNE

Երեւոյթներ, որոնք կինը աւելի հիասքանչ կը դարձնեն, քան շպարը

Խելք։ Պէտք չէ բոլորը բաժնել խելացիներու եւ գեղեցիկներու: Խելացի մարդիկ գեղեցիկ են: Կինը, որ չի զարգացներ իր միտքը, կը զրկէ զինք աճելու եւ կեանքը նոր լոյսի ներքոյ տեսնելու հնարաւորութենէն: Միտքը հիանալի գիծ է, որ պէտք չէ անտեսել:

Դիմացկունութիւն։ Կինը, որ կը հրաժարի յանձնուելէ, հիանալի եւ խելացի կին է: Կան կիներ, որոնց պէտք է բարոյական եւ նիւթական օգնութիւն, որպէսզի իրենց երջանիկ զգան: Բայց իրականութեան մէջ՝ հիասքանչ կինը կրնայ այդ ամէնը ընել ինքնուրոյն:

Կիրք։ Կեանքը կրնայ շատ ծանրաբեռնուած ըլլալ, եւ երբեմն մենք կը մոռնանք դանդաղեցնել վազքը եւ պարզապէս վայելել զայն, բայց իրականութեան մէջ, հիասքանչ կինը չի մոռնար ժամանակ յատկացնել իր հետաքրքրութիւններուն, իր կիրքին: Հիասքանչ կինը կը հասնի իր նպատակին: Ան կ՝ընէ ա՛յն, ինչ իրականութեան մէջ կ՝ուզէ, եւ ինչ որ անոր կեանքը ուրախութեամբ կը լեցնէ:

Անշահախնդրութիւն։ Ան, որ աւելի շատ կը մտածէ միւսներուն բարեկեցութեան մասին, հիասքանչ է: Ատիկա ի վերուստ բոլոր կիներուն չէ տրուած, թէեւ մայրական բնազդի մէկ մասն է: Սակայն անոնք ա՛յն կիներն են, որոնք կրնան սրտակցիլ եւ միւսները տեսնել աւելի խոր կերպով:

Ուժ։ Ոչ ոքի համար հաճելի է ըլլալ այնպիսի մարդու կողքին, որ միայն կը հաղորդէ
բացասական լիցքեր: Կինը, որ դրական կը վերաբերի կեանքին, ժպիտը դէմքին է, երջանկութիւն կը բերէ նոյնիսկ ամենածանր օրերուն: Ատիկա հիանալի կին է:

Խելք։ Պէտք չէ բոլորը բաժնել խելացիներու եւ գեղեցիկներու: Խելացի մարդիկ գեղեցիկ են: Կինը, որ չի զարգացներ իր միտքը, կը զրկէ զինք աճելու եւ կեանքը նոր լոյսի ներքոյ տեսնելու հնարաւորութենէն: Միտքը հիանալի գիծ է, որ պէտք չէ անտեսել:

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2024, 08:23