Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է 2 բանաձեւ` Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղելով Ազրպէյճանի դէմ անյապաղ պատժամիջոցներ հաստատելու
Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է բանաձեւեր, որոնց մէջ Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ պատժամիջոցներ հաստատելու Ազրպէյճանի դէմ եւ կասեցնելու ռազմավարական ուժանիւթային գործընկերութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրը: Այս մասին Դիմատետրի վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովակիմեանը:
«Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց արտաքին քաղաքականութեան եւ Եւրոպական Միութեան անվտանգութեան ու պաշտպանութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ 2 բանաձեւեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ.
«Անյապաղ պատժամիջոցներ հաստատելու Ազրպէյճանի դէմ եւ կասեցնելու ռազմավարական ուժանիւթային գործընկերութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրը:
«Պատրաստ ըլլալու թիրախաւորուած եւ անհատական պատժամիջոցներ հաստատելու Ազրպէյճանի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան դէմ, կասեցնելու քարիւղի եւ կազի ներածումը Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ որեւէ զինուորական յարձակումի պարագային:
«Ամրապնդելու Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան լիազօրութիւնը, աւելցնելու անոր չափը, երկարելու անոր ժամկէտը եւ դէտեր տեղակայելու Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ:
«Կասեցնելու Ազրպէյճանի հետ նոր գործընկերութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները», գրած է ան:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ