Եւրոպայի խորհրդարանը Եւրոպայի խորհրդարանը 

Սթանօ. «Հայաստանը կրնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու դիմում ներկայացնել»

Եւրոպական խորհրդարանը 13 մարտին ընդունեց բանաձեւ մը, որով կ՛առաջարկուի սերտել Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը:

Հայաստանը կրնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու դիմում ներկայացնել: Այս մասին ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան ներկայացուցիչ Փեթեր Սթանօ:

«Երկիրները իրաւունք ունին իրենց ժողովուրդին համար աւելի լաւ ապագայի ձգտելու: Անոնք ազատ են նման ապագան ինչպէս ապահովելու իրենց որոշումին մէջ:

«Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, ապա իւրաքանչիւր եւրոպական երկրի ժողովուրդն ու կառավարութիւնը պէտք է որոշեն, թէ արդեօք կ՛ուզե՞ն անդամակցելու համար Եւրոպական Միութեան դիմել», ըսած է Սթանօ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Եւրոպական Միութեան դռները Հայաստանի համար բա՞ց են:

Ան յիշեցուցած է, որ անմիջապէս որ այս կամ այն երկիրը Եւրոպական Միութեան անդամակցելու համար դիմում կը ներկայացնէ, անիկա կը սերտուի անդամ պետութիւններուն կողմէ, ապա անոնք պատասխան կու տան Եւրոպական Միութեան պայմանագիրներու եւ սահմանուած չափանիշերուն հիման վրայ:

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական խորհրդարանը 13 մարտին ընդունեց բանաձեւ մը, որով կ՛առաջարկուի սերտել Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2024, 08:15