2024.03.18 Il Film "AURORA’S SUNRISE" vincitore del Premio della Giuria del Francofilm Festival

«Ավրորայի Լուսաբացը» ֆիլմը արժանացաւ «Francofilm Festival»-ի Ժիւրիի մրցանակին

Իննա Սահակեանի «Ավրորայի Լուսաբացը» ֆիլմին ցուցադրութիւնը հովանաւորուած էր Իտալիայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան կողմէ եւ մրցանակաբաշխութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հ.Հ. վսեմաշուք դեսպանը` Տիկ Ծովինար Համբարձումեան։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Անցեալ օրերուն Հռոմի Ֆրանսայի Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպանութեան «Centre Saint-Louis» կեդրոնին մէջ կայացած «Francofilm Festival»-ին մասնակցած էր նաեւ Իննա Սահակեանի «Ավրորայի Լուսաբացը» ֆիլմը, որ անցեալ 14 Մարտի երեկոյեան վերոյիշեալ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ժամանակ յայտարարուեցաւ փառատօնի «Մեծ Ժիւրիի» մրցանակակիր։

Իննա Սահակեանի «Ավրորայի Լուսաբացը» ֆիլմին ցուցադրութիւնը հովանաւորուած էր Իտալիայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան կողմէ եւ մրցանակաբաշխութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հ.Հ. վսեմաշուք դեսպանը` Տիկ Ծովինար Համբարձումեան։

«Ավրորայի լուսաբացը» Ֆիլմը
«Ավրորայի լուսաբացը» Ֆիլմը

Նշենք որ «Ավրորայի լուսաբացը» վաւերագրական-անիմացիոն ֆիլմը, կը վայելէ Զօրեան Հաստատութեան գիտական աջակցութիւնը եւ իրականացուած է Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան հիման վրայ։

«Francofilm» փառատօնը 14 տարիէ ի վեր կը կազմակերպուի «Centre Saint-Louis» հաստատութեան կողմէ համագործակցութեամբ Հռոմի մէջ հաւատարմագրուած «ֆրանկոֆոնիայի» անդամ երկիրներու դեսպանութիւններու և դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցչութիւններու (GAF)։

Սէն Լուի հաստատութիւնը մաս կը կազմէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան արտերկրի մշակութային կեդրոններու ցանցին ու կը գործէ Սուրբ Աթոռի մօտ Ֆրանսական դեսպանութեան հովանաւորութեան ներքոյ։ Ան հիմնուած է 1945ին, Ժագ Մարիթէն Դեսպան Փիլիսոփայի կողմէ նպատակ ունենալով դառնալ ֆրանսական մշակոյթի ու լեզուի խթանումի վայր։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2024, 10:18