Ֆրանսայի վարչապետը Ազրպէյճանէն կը պահանջէ ետ քաշել իր զօրքերը Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն
Ֆրանսայի վարչապետ Գաբրիէլ Աթալ Ազրպէյճանէն պահանջած է ետ քաշել իր զօրքերը Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն: Աթալ նշած է, որ Ազրպէյճանի նախագահը ինք խոստովանած է, որ ազրպէյճանական ուժերը յառաջխաղացում ունին Հայաստանի տարածքի քանի մը կէտերու մէջ:
Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալը յայտարարած է. «Ռուսիան կ՛ուզէ պատժել Հայաստանը խաղաղութեան ցանկութեան եւ սեփական գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի համար», սկզբունքներ, որոնք, ըստ Ֆրանսայի վարչապետին, «Մոսկուան Ուքրանիոյ մէջ կ՛ոտնահարէ»: Այս մասին կը գրէ ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» կայքը:
«Ռուսիան կ՛ուզէ պատժել Հայաստանը անպատժելիութեան դէմ պայքարի ուղին ընտրելուն եւ Միջազգային քրէական դատարանին միանալուն համար եւ պարզապէս այն պատճառով, որ ան ընտրած է ժողովրդավարութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը», աւելցուցած է ֆրանսական կառավարութեան ղեկավարը` Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքի ժամանակ:
Կապրիէլ Աթալ նաեւ քննադատած է Ռուսիոյ` «Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ուժի կիրարկումը չդատապարտելու դիրքորոշումը»:
«Այսպէս կոչուած «խաղաղապահ» ռուսական ուժերը արտօնած են, որ մարդասիրական ճգնաժամ տեղի ունենայ» աւելցուցած է ան:
«Այսօր մարտահրաւէրը Հայաստանին օգնելն է` պաշտպանելու իր անկախութիւնը, իր ժողովրդավարութիւնը, իր գերիշխանութիւնը, իր տարածքը», ըսած է Աթալ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ