Մարդասիրական օգնութիւններ Կազայի համար Մարդասիրական օգնութիւններ Կազայի համար  (AFP or licensors)

ԱՄՆ-ն Կազայի ափին ժամանակաւոր նաւահանգիստ պիտի ստեղծէ՝ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու համար. Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեան մարտ 7-ին լրագրողներուն ըսած է, որ մարդասիրական օգնութեան մատակարարումն անկլաւ պիտի իրականացուի ծովային ճանապարհով՝ Կիպրոսով։

Միացեալ Նահանգները Կազայի հատուածին մէջ ժամանակաւոր նաւահանգիստ պիտի ստեղծէ՝ ծովով պաղեստինեան անկլաւին մարդասիրական օգնութիւն մատակարարելու համար։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը՝ հինգշաբթի երեկոյեան ելոյթ ունենալով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի առջեւ՝ Երկրի դրութեան մասին (State of Union) իր ամէնամեայ ուղերձով։

«Այս գիշեր ես ամերիկացի զինուորականները պիտի ուղղորդեմ արտակարգ առաքելութիւն իրականացնելու՝ Միջերկրական ծովուն մէջ Կազայի ափին ժամանակաւոր նաւահանգիստ ստեղծելու համար, որ կրնայ տեղաւորել սննդամթերք, ջուր, դեղորայք եւ ժամանակաւոր կացարաններ տեղափոխող մեծ նաւեր: Պաղեստինի հողին վրայ ամերիկեան զօրքեր պիտի չըլլան: Այս ժամանակաւոր նաւահանգիստը զգալիօրէն պիտի աւելցնէ Կազա ամէն օր մտնող մարդասիրական օգնութեան քանակը»,- ըսած է Պայտըն։

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեան մարտ 7-ին լրագրողներուն ըսած է, որ մարդասիրական օգնութեան մատակարարումն անկլաւ պիտի իրականացուի ծովային ճանապարհով՝ Կիպրոսով։ Պաշտօնեան ընդգծած է, որ նախաձեռնութիւնը հիմնուած է Կիպրոսի «Ամալթեա» կոչուող առաջարկի վրայ։ 

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2024, 09:26